Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակումբներու Մոնտիալ. Ռէալ Մատրիտ Եւ Տորթմունտ Ամբողջացուցին Քառորդ Աւարտականի Ճակատումները

July 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտաւ ակումբներու մոնտիալի Բ. հանգրուանը, որուն աւարտին ի յայտ եկան քառորդ աւարտական հասնող վերջին երկու խումբերը:

Սպասուած մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եուվենթուսը:

Եուվէ լաւ սկսաւ մրցումի առաջին կիսախաղը, բայց Ռէալ հետզհետէ սկսաւ առնել մրցումին ղեկը:

Անցեալ տարի Մոնցայէն փոխանցուած իտալացի բերդապահ Միքելէ Տի Կրեկորիօ բազմիցս զսպեց Եուվէի բերդին ուղղուած հարուածները:

Կրեկորիօ առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն զսպեց Վալվերտէի ռմբային հարուածը, ապա Բ. կիսախաղի սկիզբը Պելինկհեմի եւ Հոյսընի հարուածները: 54-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլի նախկին մարզիկ Թրեթ Ալեքսանտր-Առնոլտի փոխանցումէն օգտուելով Կոնսալօ Կարիս գլխու հարուածով նշանակեց Ռէալի եւ մրցումին միակ կոլը:

Այս կոլէն անմիջապէս ետք, Ֆրանսիսքօ Քոնսեսաօ առիթ ունէր արդիւնքը հաւասարեցնելու, բայց անոր ռմբային հարուածը զսպեց Ռէալի վեթերան բերդապահ Թիպօ Քուրթուան:

Պէտք է ըսել, որ բերդապահ Տի Կրեկորիօ 3 ոսկի առիթներ տապալեց Վայվերտէի, Կիւլերի եւ Չուամենիի հարուածները զսպելով, եւ Եուվէ փրկուեցաւ ծանր պարտութենէ մը:

Ռէալին համար դրական էր նաեւ Քիլիան Էմպափէի վերադարձը, որ մոնտիալէն օր մը առաջ հիւանդանոց փոխադրուած էր ժահրէ մը վարակուելուն պատճառով:

Ռէալ Մատրիտ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտին դէմ, որ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Սերխիօ Ռամոսի Մոնթերին:

Առաջին կիսախաղին Քարիմ Աբեյեմիի երկու փոխանցումներէն օգտուելով, Սերհու Կիրասսի երկու արագ կոլեր նշանակեց 14-րդ եւ 24-րդ վայրկեաններուն, բայց Մոնթերի Բ. կիսախաղին ինքզինք գտաւ եւ կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ մեքսիքացի Ժերման Պերթերամէի, բայց Տորթմունտի բերդապահ Կրեկոր Քոպել առիթ չտուաւ, որ մեքսիքական ակումբը կոլ մը եւս նշանակէ` զսպելով անոնց առիթները:

Վաղը գիշեր ժամը 22:00-ին կը սկսի քառորդ աւարտականը, ուր առաջին մրցումին պրազիլցի Ֆլումենքնսէն պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ Հիլալին դէմ: 6 ժամ ետք, շաբաթ առաւօտեան ժամը 4:00-ին, պրազիլեան Փալմէյրաս խումբը պիտի մրցի Չելսիի դէմ: Ուրբաթ իրիկուն (ժամը 19:00-ին) Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ, իսկ ժամը 23:00-ին` Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Տորթմունտի դէմ:

 

Նախորդը

Թենիս. Ուիմպըլտընի Անակնկալները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.