Վրաստանի մէջ վերջ գտաւ բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքը: Ըստ «Արմենփրես»-ի, «Իրակլի Ապաշիծէ»-ի անուան միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականը 5 ոսկի, 3 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ ձեռք ձգեց:
Աւարտականին յաղթանակներ արձանագրեցին 55 քկ կշիռի Ռուսլան Ասլիկեան, 60 քկ կշիռի Արթուր Սահակեան, 65 քկ կշիռի Նարեկ Յովհաննիսեան, 85 քկ կշիռի Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան եւ 90 քկ կշիռի Նորեկ Մանասեան:
Ժիրայր Սարգսեան, Արթուր Շահպազեան եւ Դաւիթ Սիմոնեան նուաճեցին արծաթէ մետալներ: Բարեղամ Յարութիւնեան, Իշխան Յովսէփեան, Արարատ Յարութիւնեան եւ Համլեթ Յարութիւնեան դարձան պրոնզէ մետալակիրներ: