«Էն. Պի. Էյ.»-ի փոխանցումներու շուկան բացուեցաւ, եւ մեծ թիւով մարզիկներ սկսան միանալ այլ խումբերու:
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի պահամացի սենթըր Տէանտրէ Այթոն միացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: 2,13 մեթր Այթոն, որ 2019-ի լաւագոյն նորեկներու «Օլ Սթար» խումբին մաս կը կազմէր, 2018-էն 2023 Ֆինիքս Սանզի մարզիկ էր եւ 2021-ին օգնած էր, որ Սանզը 1993-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասնի «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական:
Վեթերան «Կարտ» Սփենսըր Տինուիտի 1 տարուան համար պիտի միանայ Չարլոթ Հորնեթցին:
Ազատ մարզիկ Տանթէ Էքզըմ 1 տարուան համար պիտի մնայ Տալաս Մեւրիքսի հետ:
Անցեալ տարուան «Օլ-Սթար» մրցումի 3 կէտնոց կողովներ նշանակելու ախոյեան Տեմիըն Լիլըրտ ազատ մարզիկ դարձաւ, երբ Միլուոքի Պաքս պայմանագրութիւնը խզեց իրեն հետ` ձեռք ձգելու համար սենթըր Մայլզ Թըրնըրը:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի տարուան «Էմ. Վի. Փի.» Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր համաձայնեցաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել 4 տարիով` փոխան 285 միլիոն ամ. տոլարի:
Ինչպէս նշեցինք, Մայլզ Թըրնըր 107 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն միացաւ Միլուոքիին` 4 տարուան համար:
Տենվըր Նակեթց ձեռք ձգեց վեթերան սենթըր Եոնաս Վալանշիունասը Սաքրամենթօ Քինկզէն` փոխանակուելով Տարիօ Շարիչի հետ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզի աւստրիացի սենթըր Եաքոպ Փէօլթըլ պիտի մնայ խումբին հետ եւ 4 տարուան համար երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը 104 միլիոն ամ. տոլարի դիմաց:
Տենվըր Նակեթց ձեռք ձգեց նաեւ վեթերան Թիմ Հարտըուէյ Ճունիորը 1 տարուան համար:
Գերմանացի վեթերան «կարտ» Տենիս Շրէօտըր 3 տարուան համար միացաւ Սաքրամենթօ Քինկզին` 45 միլիոն ամ. տոլարի դիմաց: