Մարզական

Ալվարօ Ռեքոպա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ուրուկուէյցի յառաջապահ Ալվարօ Ռեքոպա, որ բաւական մեծ հռչակ ունեցած է Ինթեր Միլանի հետ իր ունեցած ելոյթներուն շնորհիւ, աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 40 տարեկան Ռեքոպա մօտիկ ապագային հրաժեշտի մրցում մը պիտի կատարէ ֆութպոլի բազմաթիւ աստղերու հետ: Անոնց կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Քրիսթիան Վիերի: 1997-էն 2007 ան մաս կազմած է Ինթեր Միլանի, իսկ Ուրուկուէյի ֆութպոլի...

Ալլեկրի Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Եուվենթուսի Հետ

«Tuttosport կը գրէ, որ Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր կազմին հետ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, 48 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018: Սակայն այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն պիտի կատարուի մինչեւ շաբաթավերջ: Ալլեկրի խումբին մարզիչն է 2014-էն ի վեր:

Թոթենհամ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Քովասիչը

Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը ամառնային մարզիկներու փոխանցման ընթացքին կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Մաթէօ Քովասիչին: Այս մասին կը յայտնէ «ԱՍ»-ը: 21 տարեկան խրուաթ ֆութպոլիստը 21 մրցումի ընթացքին կատարած է 2 կոլի փոխանցում: Արքայական ակումբին մարզիչը` Զինետին Զիտան, այդքան ալ գոհ չէ այս մարզիկէն:

Լեվանտովսքի Մինչեւ 2021 Պիտի Մնայ Պայէրն Միւնիխի Հետ

«Քիքըր» մարզաթերթը կը գրէ, որ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Պայէրն Միւնիխի հետ: Այսպիսով, ան մինչեւ 2021 պիտի մնայ իր ակումբին հետ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 26 մրցումներուն ընթացքին ան նշանակած է 25 կոլ եւ կատարած մէկ կոլի փոխանցում:

Հայաստան 49-րդ` 52 Երկիրներուն Մէջ

Եւրոպայի 2017-ի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 52 երկիրներ, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստան: Նախապէս յայտնած էինք, որ նախանցեալ օր Հայաստան իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Դանիայէն: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը իր ելոյթներով ներկայիս կը գրաւէ Եւրոպայի 49-րդ դիրքը` իր ետեւ ձգելով միայն Սան Մարինոն, Ֆարօ կղզիները եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ-Էյթ». ՀՄԸՄ Յաղթեց Իր Հիւրին` Լուէյզիի, 69-63 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Երէկ` երեքշաբթի, 29 մարտին, սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները, ՀՄԸՄ - Լուէյզի բացման ճակատումով, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներու, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը: ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 69-63 արդիւնքով (18-15, 32-29, 53-50...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կրտսերները Կը Մասնակցին Լիբանանի 2015-2016 Տարեշրջանի Ախոյեանութեան

Կիրակի, 3 ապրիլին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը` մասնակցութեամբ 17 խումբերու, որոնք բաժնուած են երկու խմբակի: Կրտսերներու` 1999-2000-ի ծնունդ այս ախոյեանութեան կը մասնակցի նաեւ ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին: Խումբին մարզիչն է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին յառաջապահ Դրօ Քէհէեան: Քէհէեանի հետ խումբը նախորդ հոկտեմբերէն ի վեր շաբաթական երեք անգամ կանոնաւոր փորձերու կը հետեւի: Ստորեւ...

Եւրոպայի 2017-ի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Դանիա` 1-3

Նախքան երէկուան մրցումը սկսիլը Երէկ երեկոյեան, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան - Դանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 2017-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մէջ: Թէեւ հիւր կազմը 28-րդ եւ 30-րդ վայրկեանին նշանակեց 2 կոլ, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով, երբ Գոռ Մալաքեան փենալթիով նշանակեց Հայաստանի կոլը: Մրցումը աւարտեցաւ Դանիոյ յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով, երբ կորսուած...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Պիտի Բարձրանայ 104-րդ Դիրք

TotalFootball.am կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ 7 ապրիլին հրապարակուելիք աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 12 դիրքի ոստում մը արձանագրելով պիտի գրաւէ դասաւորման 104-րդ դիրքը: Ինչ կը վերաբերի պարագլուխի դիրքին, Պելճիքա պիտի նահանջէ 2-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով Արժանթինին: Իսկ Սպանիա 3-րդ դիրքէն պիտի նահանջէ 7-րդ դիրք:

Ճատրակ. Յաւակնորդներու Մրցաշարք. Քարժաքին Տիրացաւ Տիտղոսին. Արոնեան` 6-րդ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Վերջին հանգրուանին, Ռուսիան ներկայացնող Սերկէյ Քարժաքին, յաղթելէ ետք ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանային, տիրացաւ այս տիտղոսին եւ իրաւունք ստացաւ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսակիր դառնալու համար իր պայքարը մղելու նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ, որ գործող ախոյեանն է: Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ վերջին հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հիքարու Նաքամուրայի...

2018-ի Մոնտիալ – Ասիա-2019 Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Լիբանան Իր Մրցումները Աւարտեց Ոչ Համոզիչ Հաւասարութեամբ Մը

2018-ի Մոնտիալ – Ասիա-2019 Ֆութպոլի Մրցաշարք. Լիբանան Իր Մրցումները Աւարտեց Ոչ Համոզիչ Հաւասարութեամբ Մը

Երէկուան մրցումէնԼուսանկարը Տրամադրեց`ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ 8 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Միանմարը` 2018-ի Մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի զոյգ մրցաշարքերուն ծիրին մէջ: Լիբանան իր զտումի մրցումները աւարտեց ոչ համոզիչ հաւասարութեամբ մը, երբ Հիլալ Հալուէ մրցումին 88-րդ վայրկեանին նշանակեց Լիբանանի հաւասարութեան կոլը (1-1): Նշենք, որ երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով: Այս մրցումը...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Կիրակի, 10 Ապրիլին` Գարնանային 32-րդ Ռելին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կիրակի, 10 Ապրիլին` Գարնանային 32-րդ Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 10 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի գարնանային 32-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2016 տարուան առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ: Այս ռելին տեղի պիտի ունենայ կուպրապատուած ճամբաներու վրայ: Կազմակերպիչ ակումբը տեղեկացուց, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 4 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին: Մասնակցողներուն ամբողջական ցանկը պիտի հրապարակուի երեքշաբթի, 5 ապրիլին: Կը կարծուի, որ...

28 Տարեկան Բերդապահ Ապել Տիարա Մահացաւ

Ուկանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ապել Տիարա նախորդ շաբաթավերջին մահացաւ, յայտնեց Ուկանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան կը տառապէր քաղցկեղէ: Իսլանտական Վեսթմանայեր խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստին մօտ ամիսներ առաջ ի յայտ եկած է այդ մահացու հիւանդութիւնը: Անոր առողջութիւնը վատթարացած էր նախորդ յունուարին: Ան սկսած էր նիհարնալ եւ հիւծիլ: Ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է միջազգային 13...

Սուարեզի Փոխանցման Գծով. Պարսելոնա Ցարդ Պարտական Է Լիվըրփուլին

«Ֆութպոլ Լիքս» կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը ցարդ ամբողջութեամբ չէ վճարած այն գումարը, որ պէտք էր վճարէր Լիվըրփուլին` անոր մարզիկներէն Լուիս Սուարեզի` իր կազմին փոխանցման համար: Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահին համար Պարսելոնա պէտք է վճարէր 82 միլիոն եւրօ: Սակայն Պարսելոնա ցարդ չէ վճարած 16 միլիոն եւրօ, զոր սկզբունքով, ըստ միջազգային մամուլին, պէտք էր վճարէր այս ամրան ընթացքին:...

Ռէալ Մատրիտ «Պի. Պի. Սի.»-ով Երբեք Չէ Կրցած Յաղթել Պարսելոնային

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 31-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին` «Քլասիքօ»-ին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 2 ապրիլին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պարսելոնայի դաշտին` «Քամփ Նու»-ի մէջ: Սպանական մամուլը, անդրադառնալով այս մրցումին, կ՛ըսէ, որ արքայական ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, «Պի. Պի. Սի.»-ով ցարդ չէ կրցած յաղթել Պարսելոնայի` երեք մրցումի ընթացքին: Նշենք, որ...

Իպրահիմովիչ. «Հաւանաբար Այս Ամառ Լքեմ Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզս»

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ ամրան ընթացքին ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ պիտի ստանայ, կը յայտնէ, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք կը մտադրէ լքել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: «Ամէն ինչ կրնայ պատահիլ, նոյնիսկ` անհաւատալին: Հաւանաբար վերջ մը դնեմ ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզիս: Թերեւս ասոր մասին ոչ ոք կը մտածէ, սակայն կը նախընտրեմ հեռանալ` գտնուելով ասպարէզիս գագաթնակէտին», անոր այս...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ` 0-3

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը մեկնեցաւ հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ամալ Մաարաքէի: Մրցումին 26-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ բացաւ հաշիւը` շնորհիւ հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեանի նշանակած կոլին: Մինչ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով, ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին նշանակեց 2 կոլ եւս` շնորհիւ Քրիսթիան Թիմունեանի: Այսպիսով, ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Լուէյզի

Շաբաթ, 26 մարտին աւարտեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին հանգրուանի երկու մրցումները: Ռիատի - Պիպլոս մրցումը, որ 89-64 արդիւնքով աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, բնականաբար այդքան ալ կարեւոր չէր` դասաւորման իմաստով: Սակայն միւս կողմէ, բաւական կարեւոր էր Շանվիլ - Լուէյզի մրցումը` նկատի ունենալով, որ պարտուած խումբը, գրաւելով 9-րդ դիրքը, պիտի չմասնակցէր «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն: Լուէյզի 74-61 արդիւնքով...

Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան Աշխարհի Բաժակակիր

Տիգրան Կիրակոսեան (աջին) 24-27 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Անաթոլի Խարլամփիեւիլ անուան սամպոյի յուշամրցաշարքը` աշխարհի բաժակի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` 5 մարզիկով: Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ հայրենի երեք մարզիկներ արժանացան մետալի: 52 քկ դասակարգին մէջ Տիգրան Կիրակոսեան իր կատարած բոլոր ճակատումներն ալ յաղթանակով աւարտելով հանդիսացաւ աշխարհի բաժակակիր: Իսկ Սամուէլ Բադալեան (68 քկ) եւ Մաւրիկ Նասիբեան (74...

Յարութիւն Մերդինեան` Մարմնամարզութեան Աշխարհի Բաժակակիր

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Յարութիւն Մերդինեան դարձաւ մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակակիր: Արդարեւ, Քաթարի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, Մերդինեան նժոյգի մրցումներուն ապահովելով 15,675 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Խրուաթիոյ եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները: Օղակներու մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչներ Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:  

Page 1117 of 1276 1 … 1,116 1,117 1,118 … 1,276

Արխիւներ