Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Յարութիւն Մերդինեան դարձաւ մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակակիր:
Արդարեւ, Քաթարի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, Մերդինեան նժոյգի մրցումներուն ապահովելով 15,675 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Խրուաթիոյ եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները:
Օղակներու մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչներ Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: