«Ֆութպոլ Լիքս» կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը ցարդ ամբողջութեամբ չէ վճարած այն գումարը, որ պէտք էր վճարէր Լիվըրփուլին` անոր մարզիկներէն Լուիս Սուարեզի` իր կազմին փոխանցման համար:
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահին համար Պարսելոնա պէտք է վճարէր 82 միլիոն եւրօ: Սակայն Պարսելոնա ցարդ չէ վճարած 16 միլիոն եւրօ, զոր սկզբունքով, ըստ միջազգային մամուլին, պէտք էր վճարէր այս ամրան ընթացքին: