Երէկ` երեքշաբթի, 29 մարտին, սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները, ՀՄԸՄ – Լուէյզի բացման ճակատումով, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներու, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը:
ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 69-63 արդիւնքով (18-15, 32-29, 53-50 եւ 69-63):
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ յաջողեցաւ 11 կէտի առաւելութիւն մը ունենալ իր մրցակիցին վրայ (61-50):
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 13, մինչ Լուէյզիինները` 16: ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 43 ռիպաունտ, մինչ Լուէյզի` 38:
Ինչ կը վերաբերի թրի փոյնթերուն, ՀՄԸՄ 32-էն նշանակեց 3-ը (9 առ հարիւր), մինչ Լուէյզի, 23-էն` 4-ը (17 առ հարիւր):
Տուայն Ճեքսըն 10 թրի փոյնթերէն նշանակեց մէկը, Ճասթին Թապզ` 10-էն ոչ մէկը, մինչ Նետիմ Սուէյտ` 7-էն 2-ը:
Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 27 վայրկեան:
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Ատել Խուէյրի եւ Նիքոլա Մաալուֆ:
Նշենք, որ մէկ մրցումով կախակայուած ըլլալով, ՀՄԸՄ-էն բացակայեցաւ Ահմետ Իպրահիմ:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը.
Նորվել Փել (32′ 24″, 10 կէտ, 9 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (39′ 04″, 18 կէտ, 7 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (40′ 00″, 16 կէտ, 9 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (29′ 20″, 1 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (11′ 36″, 3 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (8′ 26″) եւ Տուայն Ճեքսըն (39′ 10″, 25 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 1 թրի փոյնթ):
Լուէյզիէն Ալեքսանտր Օքաֆոր նշանակեց 21 կէտ, 9 ռիպաունտ:
Այսօր` չորեքշաբթի, 30 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, նոյն խմբակին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն – Պիպլոս մրցումը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):