Շաբաթ, 26 մարտին աւարտեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին հանգրուանի երկու մրցումները:
Ռիատի – Պիպլոս մրցումը, որ 89-64 արդիւնքով աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, բնականաբար այդքան ալ կարեւոր չէր` դասաւորման իմաստով:
Սակայն միւս կողմէ, բաւական կարեւոր էր Շանվիլ – Լուէյզի մրցումը` նկատի ունենալով, որ պարտուած խումբը, գրաւելով 9-րդ դիրքը, պիտի չմասնակցէր «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն:
Լուէյզի 74-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մաս կազմեց Բ. խմբակին եւ այժմ պիտի մասնակցի «ֆայնըլ-էյթ»-ին` իր խմբակին մէջ ունենալով ՀՄԸՄ-ը, Թատամոնը եւ Պիպլոսը:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Ռիատի, Հուփս, Մութթահետ եւ Սաժես:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր հրապարակեց «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտին, ՀՄԸՄ – Լուէյզի բացման մրցումով:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
«Ֆայնըլ էյթ»-ի երթի մրցումները կ՛աւարտին չորեքշաբթի, 6 ապրիլին, այնուհետեւ կը սկսին դարձի մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի կազմը երթի իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 2 ապրիլին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) հիւրը պիտի ըլլայ Պիպլոսի:
Իսկ իր երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ երկուշաբթի, 4 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թատամոնը: