Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 10 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի գարնանային 32-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2016 տարուան առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ:
Այս ռելին տեղի պիտի ունենայ կուպրապատուած ճամբաներու վրայ:
Կազմակերպիչ ակումբը տեղեկացուց, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 4 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին:
Մասնակցողներուն ամբողջական ցանկը պիտի հրապարակուի երեքշաբթի, 5 ապրիլին:
Կը կարծուի, որ այս ռելիին պիտի մասնակցին մեծ թիւով վարորդներ: