
Երէկ երեկոյեան, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Դանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 2017-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մէջ:
Թէեւ հիւր կազմը 28-րդ եւ 30-րդ վայրկեանին նշանակեց 2 կոլ, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով, երբ Գոռ Մալաքեան փենալթիով նշանակեց Հայաստանի կոլը:
Մրցումը աւարտեցաւ Դանիոյ յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով, երբ կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ) հիւր կազմը նշանակեց իր 3-րդ կոլը:


