![]()
Եւրոպայի 2017-ի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 52 երկիրներ, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստան:
Նախապէս յայտնած էինք, որ նախանցեալ օր Հայաստան իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Դանիայէն:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը իր ելոյթներով ներկայիս կը գրաւէ Եւրոպայի 49-րդ դիրքը` իր ետեւ ձգելով միայն Սան Մարինոն, Ֆարօ կղզիները եւ Լիխթնշթայնը:
Հայաստան ներկայիս մէկ կէտով միայն կը գրաւէ Ե. խմբակին վերջին դիրքը: Հայաստանի խմբակին մէջ են Դանիան, Պուլկարիան, Ռումանիան, Կալեսը եւ Լուքսամպուրկը:
Զտումի այս մրցումներուն չեն մասնակցիր միայն Լեհաստան (որպէս հիւրընկալ երկիր) եւ Ճիպրալթար (որ ցարդ չունի իր երիտասարդական հաւաքականը):


