
«Քիքըր» մարզաթերթը կը գրէ, որ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Պայէրն Միւնիխի հետ: Այսպիսով, ան մինչեւ 2021 պիտի մնայ իր ակումբին հետ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 26 մրցումներուն ընթացքին ան նշանակած է 25 կոլ եւ կատարած մէկ կոլի փոխանցում:


