Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ ամրան ընթացքին ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ պիտի ստանայ, կը յայտնէ, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք կը մտադրէ լքել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Ամէն ինչ կրնայ պատահիլ, նոյնիսկ` անհաւատալին: Հաւանաբար վերջ մը դնեմ ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզիս: Թերեւս ասոր մասին ոչ ոք կը մտածէ, սակայն կը նախընտրեմ հեռանալ` գտնուելով ասպարէզիս գագաթնակէտին», անոր այս խօսքերը կը մէջբերէ ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը: