
«Tuttosport կը գրէ, որ Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր կազմին հետ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, 48 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018: Սակայն այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն պիտի կատարուի մինչեւ շաբաթավերջ:
Ալլեկրի խումբին մարզիչն է 2014-էն ի վեր:
 
			

