Ուկանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ապել Տիարա նախորդ շաբաթավերջին մահացաւ, յայտնեց Ուկանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան կը տառապէր քաղցկեղէ:
Իսլանտական Վեսթմանայեր խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստին մօտ ամիսներ առաջ ի յայտ եկած է այդ մահացու հիւանդութիւնը: Անոր առողջութիւնը վատթարացած էր նախորդ յունուարին: Ան սկսած էր նիհարնալ եւ հիւծիլ:
Ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած է միջազգային 13 մրցում: