
Ուրուկուէյցի յառաջապահ Ալվարօ Ռեքոպա, որ բաւական մեծ հռչակ ունեցած է Ինթեր Միլանի հետ իր ունեցած ելոյթներուն շնորհիւ, աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
40 տարեկան Ռեքոպա մօտիկ ապագային հրաժեշտի մրցում մը պիտի կատարէ ֆութպոլի բազմաթիւ աստղերու հետ: Անոնց կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Քրիսթիան Վիերի:
1997-էն 2007 ան մաս կազմած է Ինթեր Միլանի, իսկ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած 69 մրցումի ընթացքին նշանակած է միջազգային 11 կոլ:
 
			

