Մարզական

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղը «Օլ-Սթար»-ի Մրցում` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, վաղը` կիրակի, 3 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ «Օլ-Սթար»-ի մրցում մը: Տեղի պիտի ունենան նաեւ տանքի եւ թրի փոյնթի մրցումներ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 18:00: Երեկոյեան ժամը 19:00-ին տեղի պիտի ունենայ փակման արարողութիւնը: Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան 2002-2003-ի տղոց, 1998-1999-2000-2001-2002-2003-ի աղջկանց,...

Եւրոպայի Ախոյեան Հանդիսանալու Պարագային. Գերմանացի Ֆութպոլիստները Պիտի Ստանան 300 Հազարական Եւրօ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայացուց այն պարգեւավճարը, որ պիտի ստանան գերմանացի ֆութպոլիստները Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան տիրանալու պարագային: Այդ հիմնադրամը կը կազմէ այն, որ էր Եուրօ-2012-ին: Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալու պարագային, գերմանացի ֆութպոլիստները պիտի ստանան 300 հազարական եւրօ: Ինչ կը վերաբերի այլ պարգեւներուն, անոնք պիտի ըլլան հետեւեալ ձեւով. Քառորդ աւարտական` 50 հազար եւրօ, կիսաւարտական` 100 հազար եւրօ, իսկ աւարտական`...

Պալոթելլի Չինական Ակումբէ Մը Տարեկան 15 Միլիոն Եւրօ Աշխատավարձ Կը Ստանայ

«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» իտալական մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անգլիական Լիվըրփուլի իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի, որ այժմ փոխ տրուած է Ա. Սէ. Միլանին, բաւական հետաքրքրական առաջարկ մը ստացած Է չինական Ժիանկսու Սունինկ ակումբէն: Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, վերոնշեալ ակումբը 25 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը: Նշենք, որ Լիվըրփուլի հետ Պալոթելլիի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – Մութթահետ` 72-83. Այսօր` Ռիատի – Սաժես

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, 83-72 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (22-23, 33-48, 50-65 եւ 72-83): Հակառակ Հուփսի կրած այս պարտութեան, անոր մարզիկներէն Անթուան Պարպուր նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (29): Մութթահետէն Ռամել Քարի նշանակեց 22 կէտ: Այսօր յետմիջօրէի ժամը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ Շիահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 52-76

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Շեպիպէ Շիահի, վերջինիս դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ երթին կրած էր պարտութիւն մը միայն, արձանագրեց իր 7-րդ յաղթանակը` 76-52 արդիւնքով յաղթելով դաշտին տիրոջ (9-11, 25-25,39-50 եւ 52-76): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ունեցաւ 22 կէտ, ժամանակաւորապէս գրաւեց պարագլուխի դիրքը` սպասելով...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Կիսաւարտականի Մրցումներուն Ժամանակացոյցը Յստակացաւ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Պիտի Կատարէ Ֆութպոլի Բարեկամական 2 Մրցում` Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ մայիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական 2 մրցում: Առաջին մրցումին (28 մայիս) Հայաստան պիտի մրցի Կուաթեմալայի, իսկ երկրորդ մրցումին (1 յունիս) Սալվատորի հաւաքականներուն դէմ: Կուաթեմալա ՖԻՖԱ-ի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 95-րդ դիրքը, իսկ Սալվատոր` 99-րդ դիրքը: Այս երկու մրցումներով Հայաստան կ՛աւարտէ 2018-ի Մոնտիալի զտումի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Հրապարակուեցաւ նաեւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Ինչ կը վերաբերի կախակայուած մարզիկներուն, այդ շարքը եղաւ քիչ մը երկար` նկատի ունենալով, որ աւելի քան երեսուն մարզիկներ իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն պատճառով մէկական մրցումով կախակայուեցան: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Հըրրիէ Ռիատի - Սայտան (ֆութսալ), որ յաղթելէ...

Պէյլ. «Ցարդ Ախոյեանութեան Տիտղոսին Համար Պայքարելու Առիթը Ունինք»

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլի համաձայն, իր կազմը Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին համար իր պայքարը շարունակելու առիթը ունի: Շաբաթ, 2 ապրիլին, Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի ճակատումին նախօրեակին Պէյլ յայտարարեց. «Թէեւ այժմ Պարսելոնայէն տասը կէտով ետ ենք, սակայն այդ տարբերութիւնը կրնանք կրճատել 7-ի, եթէ «Նու Քամփ»-ի մէջ յաղթանակ արձանագրենք: Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Կը կարծեմ, որ ֆութպոլի...

Պասքեթպոլ. Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարք.  Հուփս Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Պասքեթպոլ. Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Հուփս Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած պասքեթպոլի աղջկանց 18-րդ միջազգային մրցաշարքը` 1998-1999-ի ծնունդ դասակարգին մէջ, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Իտալական Սիենա եւ լիբանանեան Հուփս խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումը աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն յաղթանակով` 44-32 արդիւնքով: Պէտք է ըսել, որ լիբանանեան կազմը, 149 խումբերու մէջ, յաջողեցաւ գերտպաւորիչ ներկայացումներ ունենալ եւ բարձր պահել Լիբանանի անունը, մանաւանդ որ այս մրցաշարքին...

ՖԻՖԱ-ն Մէկ Տարիով Կախակայեց Էպուէն

Սանտըրլենտի յետսապահ Էմանուէլ Էպուէ ՖԻՖԱ-ի կողմէ մէկ տարիով կախակայուեցաւ` ֆութպոլի գծով զեղծարարութիւններ կատարելու եւ իր գործակալին հետ տուրքերէ որոշ խուսափումներ կատարած ըլլալու պատճառով: Նշենք, որ փղոսկրեայ ափունքցի միջնապահը 9 մարտին պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր Սանտըրլենտի հետ:

Մեսսի Կը Փափաքի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 500-րդ Կոլը Նշանակել Ռէալ Մատրիտի Դէմ

Քաթալոնական Պարսելոնայի արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շաբաթ, 2 ապրիլին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 500-րդ կոլը կրնայ նշանակել, երբ անոր կազմը «Քլասիքօ»-ի ճակատումին մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ: «Կը փափաքիմ, որ այդ մրցումին նշանակեմ իմ 500-րդ կոլս: Սակայն, շատ աւելի ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ յաղթենք», ըսաւ ան: Մեսսի ցարդ նշանակած է 499 կոլ:  

Վալենսիա Պաշտօնանկ Ըրաւ Կերի Նեւիլը

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով Վալենսիա յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրած է խումբին մարզիչը` անգլիացի Կերի Նեւիլը: Մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը անոր պաշտօնը վստահուեցաւ անոր օգնականին` Փաքօ Այեսթարանին: Ներկայիս խումբը Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, 34 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը: 41 տարեկան Նեւիլ, որ դեկտեմբեր 2015-ին նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ, ախոյեանութեան գծով 16 մրցումի ընթացքին արձանագրեց միայն...

Թուրէ Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Մանչեսթըր Սիթիէն

Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Եայա Թուրէ շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը` նկատի ունենալով, որ ան այժմ բանակցութիւններ կ՛ունենայ շարք մը ակումբներու հետ: «Տը Սան» կը հաղորդէ, որ 32 տարեկան Թուրէ «Փղոսկրեայ Ափունք) այս որոշումին ստիպուած եղած է յանգելու, որովհետեւ իր ակումբէն պայմանագիր երկարաձգելու առաջարկ ստացած չէ: Թուրէի նկատմամբ ցարդ իրենց հետաքրքրութիւնը ցուցաբերած են Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն: Նշենք,...

Նափոլիի Մարզադաշտը Կրնայ Կոչուիլ Մարատոնայի Անունով

Իտալական «Քուրիերէ տել Մեցցոճիորնօ»-ի համաձայն, նափոլիցի քաղաքական գործիչ Անթոնիօ Տել Փիանօ կ՛առաջարկէ Նափոլիի մարզադաշտը կոչել Տիեկօ Մարատոնայի անունով: Ներկայիս, Նափոլիի Սան Փաուլօ մարզադաշտը վերանորոգման կարիքը ունի: Աշխատանքները կատարելէ ետք միայն, նպատակայարմար պիտի ըլլայ այդ անուանափոխութիւնը կատարել: Վերոնշեալ աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնա 1984-էն 1991 մաս կազմած է Նափոլիի:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն Յաղթեց Պիպլոսին Մրցումին Վերջին Երկվայրկեանին (79-77)

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին (ֆայնըլ-էյթ) ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, Թատամոն յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին: Յատկանշական էր, որ Թատամոն այս յաղթանակը կերտեց մրցումին վերջին երկվայրկեանին` 79-77 արդիւնքով (27-21, 40-43, 61-59 եւ 79-77): Թատամոնի կողմէն այս յաղթանակը խլողը եղաւ Վլատան Վուքոսավիսեւիչ, որ վերջին պահուն նշանակեց իր կազմին յաղթանակի երկու կէտը: Ան նշանակեց ընդամէնը 23 կէտ, իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շեպիպէ Շիահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 31 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասը հիւրը կ՛ըլլայ Շեպիպէ Շիահի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շեպիպէ Շիահի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին: ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն ճիգ ի գործ դնել Շիահի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրելու համար, իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:...

Յակոբ Սերոբեան. «Այս Արդիւնքներով Կարելի Է Մետալներ Ակնկալել Նաեւ Ողիմպիականի Խաղերուն»

Յակոբ Սերոբեան. «Այս Արդիւնքներով Կարելի Է Մետալներ Ակնկալել Նաեւ Ողիմպիականի Խաղերուն»

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը վերադարձաւ Տոհայէն (Քաթար), հոն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի բաժակի 9-րդ ախոյեանութեան: Հայ մարզիկները դիմաւորուեցան ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան անդամներուն, բարեկամներու եւ մարզասէրներու կողմէ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան թղթակիցներուն հետ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Իսկապէս շատ գոհ եմ մեր տղոց ելոյթներէն: Տոհա մեկնելէ առաջ ունեցանք հաւաք մը, որ...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ գումարեց իր ժողովը եւ տուաւ կարգ մը որոշումներ: Այս ժողովը գլխաւորեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: Յայտարարուեցաւ, որ ակումբներուն միջեւ մարզիկներուն փոխանցման վերջին ժամկէտը 28 ապրիլ 2016-ն է: Որոշուեցաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք 2015-էն պարտքեր ունին ֆետերասիոնին, պէտք է վճարեն անկէ չեղեալ նկատելով այդ գումարներուն վրայ դրուած բոլոր տոկոսները: Քննարկուեցան նաեւ օրակարգի...

Լիբանանի Թրիաթլոնի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Լիբանանի Թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Եգիպտոս իր մասնակցութիւնը բերելու 1-7 ապրիլին Շարմ էլ Շէյխի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունենալիք Արաբական Թրիաթլոնի 5-րդ ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Խալիֆէ, մարզիչն է Գէորգ Ալթունեան, իսկ մարզիկներն են` Լինտզի Նատեր, Թրէյսի Խայեաթ, Թալա Սալեմ, Մոհամետ Պաղտատի, Հաննա Պու Ֆարհաթ եւ Էլիաս Պայտուն: Նշենք, որ աւելի ուշ լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի միանայ Լիբանանի...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Մրցակիցներուն Թիւը Նուազեցաւ

Յունիսին Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան: Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Բ. խմբակին, որուն մաս կը կազմէ Հայաստան, մասնակցողներուն թիւը նուազեցաւ` նկատի ունենալով այն, որ Մոնաքօ քաշուեցաւ ախոյեանութենէն: Այսպիսով, չորսի փոխարէն Հայաստան պիտի կատարէ երեք մրցում` մրցելով Մոլտովայի, Անտորրայի եւ Կալեսի դէմ: Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին...

Page 1116 of 1276 1 … 1,115 1,116 1,117 … 1,276

Արխիւներ