Մարզական

Ողիմպիական Խաղեր-2016.  Ֆութպոլի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը Տեղի Ունեցաւ

Ողիմպիական Խաղեր-2016. Ֆութպոլի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը Տեղի Ունեցաւ

2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաք Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Այս մրցաշարքին պիտի մասնակցին 16 երկիրներու ազգային խումբերը, բաժնուած` 4 խմբակի, երէկ յայտնեց ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Ռիօ տը Ժանէյրօ, Սան Փաուլօ, Փելու Օրիզոնթի, Պրազիլիա, Սալվատոր եւ Մանաուս քաղաքներուն մէջ: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Պրազիլ, Հարաւային Ափրիկէ, Իրաք եւ Դանիա: Բ. ԽՄԲԱԿ.-...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի փլէյ-օֆի մրցումները կը սկսին այսօր` ուրբաթ, 15 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Հուփս մրցումը: Ինչպէս ծանօթ է, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները այժմ աւարտած են եւ սկսաթ փլէյ-օֆի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան նաք-աութի դրութեամբ, եւ հինգ մրցումէ երեք...

«Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Սահմանին Վրայ Զոհուած Զինուորներուն» Ըսաւ Անդրանիկ Կարապետեան

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան նորընծայ ախոյեան Անդրանիկ Կարապետեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իր յաղթանակը կը նուիրէ սահմանին զոհուած զինուորներուն եւ արդէն իսկ այժմէն կը մտածէ Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մասին: «Շատ ուրախ եմ, որ հանդիսացայ Եւրոպայի ախոյեան: Այժմ պիտի սկսինք լաւ պատրաստութիւններ տեսնել ողիմպիական խաղերուն համար, որովհետեւ իմ հիմնական նպատակս առաջին հանդիսանալն է...

Նազիկ Աւտալեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան աղջկանց 69 քկ դասակարգի մրցումները: Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նազիկ Աւտալեան: Հայրենի 29 տարեկան մարզիկը ընդամէնը բարձրացուց 237 քկ (105 եւ 132): Նշենք, որ Աւտալեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր նաեւ 2009-ին: Ախոյեան հանդիսանալէ կարճ ատեն մը ետք Աւտալեան ըսաւ, որ իր այս յաղթանակը կը նուիրէ Արցախի մէջ...

Մասնակցութեամբ` 26 Ընկերութիւններու. 4 Հազար Մարզասէրներ Կը Մասնակցին Պէյրութի 9-րդ Մարզական Խաղերուն

Լուսանկարը Տրամադրեց ԷԼԻ ԽՈՒՐԻ Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ին, 16-17 ապրիլին Ժամհուր վարժարանին մէջ յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենան Պէյրութի մարզական խաղերը` լիբանանեան զանազան ընկերութիւններուն միջեւ: Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ ներկայացնելու համար, «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք «Լինազ» ճաշարանին մէջ (Տըպպայէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը մեծ թիւով հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան: Ան յայտնեց, որ հակառակ տիրող ներկայ...

Հայրենի Ըմբիշները Մեկնեցան Սերպիա

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները մեկնեցան Սերպիա, ուր 15-17 ապրիլին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին: Ազատ ոճի հաւաքականը Սերպիոյ Զրենիան քաղաքը մեկնեցաւ աւագ մարզիչ Արայիկ Բաղդադեանի գլխաւորութեամբ, իսկ յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն պիտի ուղեկցի, հաւաքականին մարզիչ Սամուէլ Գրիգորեան: Ազատ ոճի մրցումներուն, Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներու կիսաւարտական հանգրուանները տեղի ունեցան շաբաթ, 9 եւ կիրակի,10 ապրիլ 2016-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ` յաջորդաբար: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջին տեղի ունեցած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն արդիւնքները: Շաբաթ, 9 ապրիլ 2016` մինի ֆութպոլ 2002/2003   Մ. եւ...

«Ֆեր Փլէյ»-ի Առաջին Դիրքը Կը Գրաւէ Բանանց

«Ֆեր Փլէյ»-ի Առաջին Դիրքը Կը Գրաւէ Բանանց

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգերու ախոյեանութեան երրորդ շրջանին տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, մասնակցող ակումբներուն մէջ «ֆեր փլէյ»-ի դասաւորման գծով առաջին դիրքերը կը գրաւեն Բանանց (8,012) եւ Միքա-2 (8,221): Բարձրագոյն դասակարգին մէջ Բանանցի ետին կը գտնուի Արարատ (7,945), իսկ Ա. դասակարգին մէջ Միքա-2-ի ետին` Ալաշկերտ-2 (8,218), կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:

Սամսոն-2016. Հայրենի Վեց Կռփամարտիկներ Հասան Կիսաւարտական

Թուրքիոյ Սամսոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշները, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, յաջողեցան հասնիլ կիսաւարտական, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: 56 քկ դասակարգին մէջ, Արամ Աւագեան յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Իպրահիմ Կէօքչեքին, հասաւ կիսաւարտական հանգրուան: Անոր նման կիսաւարտականի տոմս պիտի փորձեն ապահովել նաեւ Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ) եւ Նարեկ Աբգարեան...

Թրիաթլոն. Մահմուտ Տիպ Վերընտրուեցաւ Արաբական Ֆետերասիոնի Անդամ

Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Մահմուտ Տիպ վերընտրուեցաւ Թրիաթլոնի արաբական ֆետերասիոնի անդամ, Շարմ Շէյխի մէջ Թրիաթլոնի արաբական ֆետերասիոնին գումարած համագումարին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան 20 ֆետերասիոններ: Այսպիսով, ան արաբական ֆետերասիոնին մաս պիտի կազմէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին ալ:  

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Պորուսիա Տորթմունտը

«Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրն էր Լիվըրփուլի, երթին իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր: Մրցումը հազիւ սկսած եւ ճիշդ 5 վայրկեան անցած, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան բացաւ մրցումին հաշիւը: Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք (7 կոլ), Լիվըրփուլ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ մրցաշարքէն...

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Գ. Հանգրուանի` Փլէյ-Օֆի Առաջին Երեք Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի` փլէյ-օֆի առաջին երեք մրցումներուն յայտագիրը: Նկատի ունենալով, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանին` «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը, ֆետերասիոնը աւելի ուշ կը հրապարակէ 4-րդ եւ 5-րդ մրցումներուն յայտագիրը: Փլէյ-օֆի բացման մրցումներուն ազդանշանը կը տրուի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտէն, երբ ուրբաթ,...

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Անդրանիկ Կարապետեան Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր առաջին մետալներուն: 77 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Կարապետեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Տիգրան Մարտիրոսեան հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր: Կարապետեան բարձրացուց 367 քկ (170+197), իսկ Մարտիրոսեան` 352 քկ (160+192):

Հայկազեան Համալսարանի Մարզական Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Լիբանան

Հայկազեան Համալսարանի Մարզական Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Լիբանան

5-10 ապրիլին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ համալսարաններ, որոնց կարգին` Հայկազեան համալսարանը: Հայկազեան համալսարանի պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր 32 անձ (26-ը` մարզիկ): Նախապէս որոշուած էր, որ Հայկազեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ փինկ փոնկի (տղաք եւ աղջիկներ), ֆութպոլի (տղաք) եւ պասքեթպոլի (աղջիկներ) մրցաշարքերուն: Աղջկանց փինկ փոնկի մրցումներուն (10 մասնակից) Աննա Մարգարեան գրաւեց առաջին դիրքը,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Լուէյզի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ վաւերացուց տարբեր մրցումներու ընթացքին արձանագրուած արդիւնքները: Ահլի Նապաթիէի նախագահ Մոհամետ Պիթար վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին պատճառով: Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն պատճառով մէկական մրցումով կախակայուեցան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական կազմին մարզիկներէն Տիգրան Վարդան եւ Արգիշդի Պետրոսեան: Ֆետերասիոնը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Տիտղոսակիր Պարսելոնա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի վերջին երկու ճակատումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: Բնականաբար, երթին պարտութիւն կրած խումբերը պիտի փորձէին իրենց ամէն կարելին ընել` յաղթանակ արձանագրելու համար: Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին «Քամփ Նու»-ի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտուած էր, երէկ գիշեր 2-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսակիր Պարսելոնան: Շուրջ 55 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Անթուան Կրիեզման նշանակեց...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ – Պորուսիա Տորթմունտ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան այսօր, պիտի ըլլան բաւական տաք եւ ճակատագրական` նկատի ունենալով, որ սխալող խումբը մրցաշարքէն դուրս պիտի մնայ: Բաւական հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին, Լիվըրփուլի այժմու մարզիչ Եիւրկըն Քլափ պիտի մրցի իր նախկին կազմին` Պորուսիա Տորթմունտի դէմ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն...

Ծանրաբարձութիւն. Իզապելլա Եայլեան Եւս Առաջին 10-ին Մէջ

Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, իրենց աւարտին հասան նաեւ 58 քկ դասակարգի մրցումները: Հայաստանի ներկայացուցիչը` Իզապելլա Եայլեան, յաջողեցաւ գրաւել 10-րդ դիրքը` ընդամէնը բարձրացնելով 190 քկ (85 եւ 105): Նշենք, որ նախանցեալ օր Աննա Գովելեան (53 քկ) գրաւած էր 9-րդ դիրքը:

«Ֆետ Քափ».  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Ջախջախեց Իրլանտան

«Ֆետ Քափ». Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Ջախջախեց Իրլանտան

Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ֆետ քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ երէկ կատարեց իր 2-րդ մրցումը, 3-0 արդիւնքով ջախջախեց Իրլանտան: Անհատական մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Անի Ամիրաղեան եւ Լուսինէ Չոպանեան, իսկ զոյգի մրցումներուն` Ամիրաղեան-Չոպանեան զոյգը: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն:  

Պրոքքի Փոխարինեց Միհայլովիչը

Սինիսա Միհայլովիչ Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ա. Սէ. Միլան յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրած է իր ֆութպոլի խումբին գլխաւոր մարզիչ Սինիսա Միհայլովիչը, որ իր պաշտօնին վրայ մնացած էր գրեթէ կէս տարեշրջան միայն: Ա. Սէ. Միլանի երիտասարդներու խումբի մարզիչ Քրիսթիան Պրոքքի մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի ստանձնէ Միհայլովիչի պաշտօնը, նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Ակումբին պատասխանատուներուն համար հաշտ աչքով չդիտուեցաւ Եուվենթուսէն նախորդ շաբաթավերջին խումբին...

Page 1112 of 1276 1 … 1,111 1,112 1,113 … 1,276

Արխիւներ