Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջին Տեղի Ունեցած Մրցումներուն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ: Սկսելով Սպանիայէն, Պարսելոնայի մեծ նահանջը եւ ձախողութիւնը շարունակուեցաւ, երբ անիկա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Վալենսիայէն: Պարսա, որ «Լա Լիկա»-ին գծով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, բաւական կորսնցուց ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու իր յոյսերը: Պարսելոնա, որ այժմ ունի 76 կէտ, կոլէվըրէյճ-ի տարբերութեամբ միայն կը գերազանցէ Աթլեթիքօ...

Դաւիթ Արշակեան` Կոլի Հեղինակ

Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Թրաքայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Աթլանթասին: Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ` Դաւիթ Արշակեան` 38-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Թրաքայ 18 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:

Մարմնամարզութիւն. Հուրի Գեբեշեան Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Մը Ապահովեց

Պրազիլի Ռիօ Տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ կը շարունակուին մարմնամարզութեան «թեսթ իվենթ»-ի մրցումները: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Հուրի Գեբեշեան Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովեց: Այսպիսով, Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը ողիմպիականի խաղերու երեք տոմս ապահոված է ցարդ: Գեբեշեանէն բացի տոմս ապահոված են նաեւ Վահագն Դաւթեան եւ Յարութիւն Մերդինեան:

Ծանրաբարձութիւն.  Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ Հայաստանի Տիրապետութեամբ

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ Հայաստանի Տիրապետութեամբ

Ֆորտէի մէջ (Նորվեկիա) նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի ըմբիշներուն զգալի տիրապետութեամբ նկատի ունենալով, որ հայրենի երեք ըմբիշներ հանդիսացան Եւրոպայի ախոյեան, իսկ երկու ուրիշներ` փոխախոյեան: Ասկէ բացի, Հայաստան մետալներու դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: - Հայաստան Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Խմբային Դասաւորման Մէջ - Խուրշուտեան` Եւրոպայի Կրկնակի Ախոյեան Շաբաթ, 16 ապրիլին, Նորվեկիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Աւարտեց 3-3 Հաւասարութեամբ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի ծիրին մէջ իր կատարած վերջին մրցումին, շաբաթ, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Քֆարժոզի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ահլի Նապաթիէի դէմ, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան վերջին մրցումին հեթրիք մը իրագործեց մրցակիցին բերդին մէջ (65-րդ, 77-րդ եւ 89-րդ): Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի համար դասաւորման պատկերը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն` 79-47

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն` 79-47

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թատամոնը, բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 79-47 արդիւնքով (26-4, 15-13, 21-11 եւ 17-19): Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ գերազանցելով իր հիւրին, բաւական լաւ ներկայացում մը կատարելով եւ փորձի նման մրցում մը կատարելով, երթին իր արձանագրած յաղթանակին...

Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը կը շարունակէ բարձրանալ: Այժմ 27 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը, ըստ «Թրանսֆըրմարքեթ»-ին, 2 միլիոն եւրօ բարձրանալով կը գնահատուի 30 միլիոն եւրոյով, ինչ որ մրցանիշ մըն է ազգային հաւաքականի խմբապետին համար:

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Ողիմպիական Խաղերու Վարկանիշ Ձեռք Ձգեց

Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ մարմնամարզութեան «Թեսթ Իվենթ»-ը, այս գծով յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան` ապահովելով 86,097 կէտ, ապահովեց աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու տոմս մը: Յոյս կայ, որ անոր նման ողիմպիականի տոմս ապահովէ նաեւ Հուրի Գերբիշեան:

Հայրենի Կռփամարտիկները Ողիմպիականի Իրենց 4-րդ Տոմսը Ապահովեցին Թուրքիոյ Մէջ

Հայրենի Կռփամարտիկները Ողիմպիականի Իրենց 4-րդ Տոմսը Ապահովեցին Թուրքիոյ Մէջ

Վլատիմիր Մարգարեան Կարապետ Չալեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ցամաքամասի ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին, հայրենի կռփամարտիկները կը շարունակեն իրենց հիանալի ելոյթները, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի համար Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովեց Վլատիմիր Մարգարեան, որ 3-րդ դիրքի մրցումին յաղթեց Մոլտովան ներկայացնող Վասիլի Պելուսին: Այսպիսով, հայրենի կռփամարտիկները ողիմպիականի իրենց 4-րդ ուղեգիրը նուաճեցին Թուրքիոյ մէջ: Նշենք, որ Եւրոպայի գործող...

«Ֆորմիւլա-1». Ռոզպըրկ Առաջին` Չինաստանի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 17 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Չինաստանի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: «Մերսետես»-ի գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ գրաւեց առաջին դիրքը, երբ ապահովեց 25 կէտ` արձանագրելէ ետք 1 ժամ 38' 53" արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի վարորդ Սեպասթիան Վեթել (37" ուշ), իսկ երրորդ դիրքը` Տանիել Քվիաթ («Ռետ Պուլ-Ռասինկ»)` 45" ուշացումով: Այսպիսով, Ռոզպըրկ,...

ՖԻՊԱ-Ն 14 Երկիրներու Ազգային Խումբերը Կախակայեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցելէ

Եւրոպական 14 երկիրներու ազգային խումբերը, որոնք իրենց ակումբներուն թոյլ տուած են մասնակցիլ Եուրօ-բաժակի մրցաշարքին (Եուրօ-լիկայի երկրորդ մրցաշարք), ՖԻՊԱ-ին կողմէ կախակայուելով իրաւունք պիտի չունենան մասնակցելու Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Անոնք պիտի չկարենան մասնակցիլ 2017-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Կախակայումի մասին ՖԻՊԱ-ին կողմէ պաշտօնական նամակներ ստացած են Թուրքիա, Սերպիա, Խրուաթիա, Իտալիա, Հերցեկովինա, Իսրայէլ, Ռուսիա, Լեհաստան, Սլովենիա, Պոսնիա, Սպանիա, Լաթվիա, Մակեդոնիա եւ Մոնթենեկրօ: Նամակին մէջ նշուած...

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Սերպիայէն Վերադարձաւ Ողիմպիականի Մէկ Վարկանիշով

Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ աւարտեցաւ ողիմպիական խաղերու համար ըմբշամարտի վարկանշային մրցաշարքը: Մրցումներուն վերջին օրը մրցասպարէզ մտան ազատ ոճի ըմբիշ Էտկար Ենոքեան (97 քկ) եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ): Երկու հայ մարզիկներն ալ իրենց առաջին մրցումին պարտուեցան: Այսպիսով, Սերպիոյ մէջ Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը յաջողեցաւ ողիմպիականի միայն մէկ ուղեգիր նուաճել, այդ ալ շնորհիւ ազատ ոճի ըմբիշ Գառնիկ Մնացականեանին (57...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-Ի Ներկայացուցչական Խումբը Այսօր Կը Կատարէ Տարեշրջանի Իր Վերջին Մրցումը

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այսօր կը մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Ահլի Նապաթիէի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին: Այս մրցումը ՀՄԸՄ-ի կազմին համար պիտի ըլլայ այս տարեշրջանի վերջինը: Մրցումին արդիւնքը կացութենէն որեւէ բան պիտի չփոխէ ՀՄԸՄ-ի համար` նկատի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 5 Կէտի Տարբերութեամբ` 70-65 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Հուփսէն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 5 Կէտի Տարբերութեամբ` 70-65 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Հուփսէն

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի` «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումները սկսան երէկ, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Հուփսը: Թէեւ ՀՄԸՄ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, սակայն հետզհետէ հիւր կազմը ինք առաւ մրցումին ղեկը եւ քանի մը առիթով կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 10-ի (31-41, 37-27), իսկ առիթով մըն ալ ՀՄԸՄ ունեցաւ 8 կէտի առաւելութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 16 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Թատամոն մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի արձանագրել տպաւորիչ յաղթանակ մը, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Անթիլիասի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

- Այսօր` Ինթեր Միլան - Նափոլի - Վաղը` Պարսելոնա - Վալենսիա Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին հետաքրքրական շարք մը ճակատումներ: Անոնց կարգին է այսօր տեղի ունենալիք Ինթեր Միլան - Նափոլի մրցումը, իսկ վաղը` Պարսելոնա - Վալենսիա հանդիպումը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 34-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ                                                                                                              ԺԱՄ...

16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Միջազգային Մրցում. Հայաստան Յաղթեց Կալեսի

Երէկ Կիպրոսի մէջ սկսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման բաժակի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանի, Կիպրոսի, Կալեսի եւ Ճիպրալթարի 16 տարեկանէն վար հաւաքականները: Թէեւ հայրենի կազմը Կալեսի դէմ իր առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, սակայն, ըստ մրցաշարքին օրէնքին, պէտք էր ըլլար յաղթական խումբ մը: Հայաստան տարաւ վերջնական յաղթանակը, երբ փենալթիներով 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին: Այսօր Հայաստան կը...

Կռփամարտ. Հայրենի Կռփամարտիկները 2-րդ Ողիմպիականի Տոմս Ապահովեցին Թուրքիոյ Մէջ

Թուրքիոյ Սամսոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ցամաքամասի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքին, 52 քկ դասակարգին մէջ Նարեկ Աբգարեան հասնելով աւարտական, ողիմպիականի տոմս մը ապահովեց: Առաջին տոմսը ապահովեց Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ):

«Չեմփիընզ Լիկ»- «Եուրոփա Լիկ» Վիճակաձգութիւն. Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պայէրն Միւնիխ Ճակատում

Երէկ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին պարագային, Մանչեսթըր Սիթի պիտի ճակատի Ռէալ Մատրիտի դէմ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ` Պայէրն Միւնիխի դէմ: Կիսաւարտականի երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 26 եւ 27 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները` 3 եւ 4 մայիսին: Շատ հաւանական է, որ աւարտական մրցումը ըլլայ զուտ սպանական: Ինչ կը...

«Էն. Պի. Էյ.». Հրաժեշտի Իր Մրցումին Պրայընթ Նշանակեց 60 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն տարիներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերած` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի անուանի աստղ Քոպի Պրայընթ վերջ տուաւ պասքեթպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Եութա Ճեզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, 37 տարեկան ամերիկացին Լէյքըրզի դաշտին վրայ իր կատարած վերջին մրցումին նշանակեց 60 կէտ: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան ամէնէն շատ կէտը նշանակած է Նիւ Եորք Նիքսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին...

Page 1111 of 1276 1 … 1,110 1,111 1,112 … 1,276

Արխիւներ