Թուրքիոյ Սամսոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշները, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, յաջողեցան հասնիլ կիսաւարտական, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
56 քկ դասակարգին մէջ, Արամ Աւագեան յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Իպրահիմ Կէօքչեքին, հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:
Անոր նման կիսաւարտականի տոմս պիտի փորձեն ապահովել նաեւ Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ) եւ Նարեկ Աբգարեան (52 քկ):
Քառորդ աւարտականի ճակատումներուն Յովհաննիսեան յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին, մինչ Աբգարեան` իտալացի իր մրցակիցին:
Նշենք, որ կիսաւարտական հասած են նաեւ Արամ Աւագեան (56 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) եւ Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ):