Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները մեկնեցան Սերպիա, ուր 15-17 ապրիլին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին:
Ազատ ոճի հաւաքականը Սերպիոյ Զրենիան քաղաքը մեկնեցաւ աւագ մարզիչ Արայիկ Բաղդադեանի գլխաւորութեամբ, իսկ յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն պիտի ուղեկցի, հաւաքականին մարզիչ Սամուէլ Գրիգորեան:
Ազատ ոճի մրցումներուն, Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն վարկանիշներուն համար պիտի պայքարին Գառնիկ Մնացականեան (57 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (65 քկ), Սուրէն Խաչատրեան (74 քկ), Մուսա Մուրթազալիեւ (86 քկ) եւ Էտկար Ենոքեան (97 քկ):
Իսկ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Սերպիա մեկնեցաւ հետեւեալ կազմով. Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Արթուր Շահինեան (85 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ):
Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի ըմբիշներէն Հայաստանի համար Ռիոյի իրենց տոմսը ցարդ ապահոված են Միհրան Յարութիւնեան եւ Արթուր Ալեքսանեան, իսկ ազատ ոճի ըմբիշներէն` միայն Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ):