
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր առաջին մետալներուն:
77 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Կարապետեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Տիգրան Մարտիրոսեան հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր:
Կարապետեան բարձրացուց 367 քկ (170+197), իսկ Մարտիրոսեան` 352 քկ (160+192):