2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաք Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Այս մրցաշարքին պիտի մասնակցին 16 երկիրներու ազգային խումբերը, բաժնուած` 4 խմբակի, երէկ յայտնեց ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Ռիօ տը Ժանէյրօ, Սան Փաուլօ, Փելու Օրիզոնթի, Պրազիլիա, Սալվատոր եւ Մանաուս քաղաքներուն մէջ:
Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Պրազիլ, Հարաւային Ափրիկէ, Իրաք եւ Դանիա:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Շուէտ, Քոլոմպիա, Նիկերիա եւ Ճափոն:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Ֆիճի, Հարաւային Քորէա, Մեքսիքա եւ Գերմանիա:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Հոնտիւրաս, Ալճերիա, Փորթուգալ եւ Արժանթին: