Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Պահրէյն
Երէկ` երեքշաբթի, 12 ապրիլին, Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Պահրէյն` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 14-16 ապրիլին տեղի ունենալիք տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու Արեւմտեան Ասիոյ առաջին ախոյեանութեան: Ստորեւ` լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը. Ժան Ղաուի (նախագահ), Քարին Պչաքճեան (մարզիչ), Ժատ Խուրի, Մահմուտ Տաու, Ահմետ Շուր, Փիթըր Խուրի, Մունթասար Համիէ, Ժան-Քլոտ Ապու Ֆայսալ, Ժորժ Ղաֆարի, Լէա Օպէյտ, Կիա Մըթէյրեք եւ Սարա-Ճօ Քըրթպաուի (մարզիկներ):

