
ԷԼԻ ԽՈՒՐԻ
Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ին, 16-17 ապրիլին Ժամհուր վարժարանին մէջ յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենան Պէյրութի մարզական խաղերը` լիբանանեան զանազան ընկերութիւններուն միջեւ:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ ներկայացնելու համար, «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք «Լինազ» ճաշարանին մէջ (Տըպպայէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը մեծ թիւով հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան:
Ան յայտնեց, որ հակառակ տիրող ներկայ տնտեսական տագնապին, 26 տարբեր տեսակի ընկերութիւններ 4 հազար մարզասէրներով պիտի մասնակցին 24 տարբեր տեսակի մարզախաղերու, որոնց կարգին` ֆութպոլ, թենիս, պասքեթպոլ, պերմինթըն, փինկ փոնկ, ճատրակ, աթլեթիզմ եւ այլն:
Պասսամ Թըրք աւելցուց, որ տարիէ տարի, այս խաղերը կը գտնեն բաւական մեծ յաջողութիւն եւ անոնց մասնակցողներուն թիւը մի՛շտ աճ կ՛արձանագրէ: