«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի վերջին երկու ճակատումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր:
Բնականաբար, երթին պարտութիւն կրած խումբերը պիտի փորձէին իրենց ամէն կարելին ընել` յաղթանակ արձանագրելու համար:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին «Քամփ Նու»-ի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտուած էր, երէկ գիշեր 2-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսակիր Պարսելոնան:
Շուրջ 55 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Անթուան Կրիեզման նշանակեց Աթլեթիքոյի երկու կոլերը (36-րդ եւ 88-րդ` փենալթիով):
Աթլեթիքոյի հետ կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Պայէրն Միւնիխ, որ 66 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պենֆիքայի հետ` վերջինիս դաշտին վրայ: