Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի փլէյ-օֆի մրցումները կը սկսին այսօր` ուրբաթ, 15 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Հուփս մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները այժմ աւարտած են եւ սկսաթ փլէյ-օֆի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան նաք-աութի դրութեամբ, եւ հինգ մրցումէ երեք պարտութիւն կրող խումբը հրաժեշտ պիտի տայ ախոյեանութեան:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, այսօր եւ յաջորդող մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար սխալիլը բացարձակապէս արգիլուած պիտի ըլլայ:
Վերջին քանի մը մրցումները, որոնք այդքան ալ լաւ չէին ՀՄԸՄ-ի համար, այժմ կը պատկանին անցեալին:
Կ՛ակնկալուի կիրարկել բացառիկ խաղարկութիւն` ամէն գնով հասնելու համար ֆայնըլ-ֆոր: