
Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ֆետ քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ երէկ կատարեց իր 2-րդ մրցումը, 3-0 արդիւնքով ջախջախեց Իրլանտան:
Անհատական մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Անի Ամիրաղեան եւ Լուսինէ Չոպանեան, իսկ զոյգի մրցումներուն` Ամիրաղեան-Չոպանեան զոյգը:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն:


