Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ա. Սէ. Միլան յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրած է իր ֆութպոլի խումբին գլխաւոր մարզիչ Սինիսա Միհայլովիչը, որ իր պաշտօնին վրայ մնացած էր գրեթէ կէս տարեշրջան միայն:
Ա. Սէ. Միլանի երիտասարդներու խումբի մարզիչ Քրիսթիան Պրոքքի մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի ստանձնէ Միհայլովիչի պաշտօնը, նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ակումբին պատասխանատուներուն համար հաշտ աչքով չդիտուեցաւ Եուվենթուսէն նախորդ շաբաթավերջին խումբին կրած պարտութիւնը (2-1), որ խումբին համար եղաւ հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Նշենք, որ Ա. Սէ. Միլան վերջին անգամ «Քալչիօ»-ի ախոյեան հանդիսացաւ 2011-ին: