Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան նորընծայ ախոյեան Անդրանիկ Կարապետեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իր յաղթանակը կը նուիրէ սահմանին զոհուած զինուորներուն եւ արդէն իսկ այժմէն կը մտածէ Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մասին:
«Շատ ուրախ եմ, որ հանդիսացայ Եւրոպայի ախոյեան: Այժմ պիտի սկսինք լաւ պատրաստութիւններ տեսնել ողիմպիական խաղերուն համար, որովհետեւ իմ հիմնական նպատակս առաջին հանդիսանալն է եւ ոչ թէ մետալներ ձեռք ձգելը», յայտնեց Կարապետեան:
Ան նաեւ նշեց, որ «իմ այս յաղթանակս կը նուիրեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանին վրայ զոհուած զինուորներուն: Ի վերջոյ, իրենց գործը շարունակողը նաեւ մենք ենք: Մենք զօրաւոր ազգ ենք: Յոյսով եմ, որ այս յաղթանակը ոգեւորութիւն եւ ուժ կը ներշնչէ մեր զինուորներուն»: