Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան աղջկանց 69 քկ դասակարգի մրցումները:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նազիկ Աւտալեան:
Հայրենի 29 տարեկան մարզիկը ընդամէնը բարձրացուց 237 քկ (105 եւ 132):
Նշենք, որ Աւտալեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր նաեւ 2009-ին:
Ախոյեան հանդիսանալէ կարճ ատեն մը ետք Աւտալեան ըսաւ, որ իր այս յաղթանակը կը նուիրէ Արցախի մէջ կռուող բոլոր հայ զինուորներուն: