«Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրն էր Լիվըրփուլի, երթին իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր:
Մրցումը հազիւ սկսած եւ ճիշդ 5 վայրկեան անցած, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան բացաւ մրցումին հաշիւը:
Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք (7 կոլ), Լիվըրփուլ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պորուսիա Տորթմունտը, այսպիսով ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Մրցումին ներկայ էր 45 հազար հանդիսատես` «Էնֆիլտ»-ի մէջ: