5-10 ապրիլին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ համալսարաններ, որոնց կարգին` Հայկազեան համալսարանը:
Հայկազեան համալսարանի պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր 32 անձ (26-ը` մարզիկ):
Նախապէս որոշուած էր, որ Հայկազեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ փինկ փոնկի (տղաք եւ աղջիկներ), ֆութպոլի (տղաք) եւ պասքեթպոլի (աղջիկներ) մրցաշարքերուն:
Աղջկանց փինկ փոնկի մրցումներուն (10 մասնակից) Աննա Մարգարեան գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին երկրորդ հանդիսացաւ Ռուտէյնա Պու Շահին:
Տղոց պարագային (32 խումբ), Հայկազեանի կազմը հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտական:
Տղոց ֆութպոլի մրցումներուն (5 խումբ), Հայկազեան գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Վերջապէս, աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն (8 խումբ), Հայկազեան գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, Հայկազեանի բոլոր մարզիկներուն համար անխտիր միջհամալսարանական այս միջազգային մրցաշարքը եղաւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու կարեւոր իրադարձութիւն մը:
Անկասկած, այդ փորձառութիւնը անոնց պիտի տայ յաւելեալ ուժ` աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայկազեան համալսարանին` յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերուն գծով: