Ուիմպըլտընի աղջկանց տիտղոսը առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ լեհ Իկա Շվիանթեք, իսկ կիրակի օր տղոց տիտղոսը առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ իտալացի Եանիք Սինըր:
Տղոց թիւ 1 թենիսմեն Սինըր աւարտականին պարտութեան մատնեց սպանացի Քարլոս Ալքարասը, որ երկու անգամ շահած էր Ուիմպըլտընը եւ առաջին անգամ ըլլալով կը պարտուէր կրան շլեմի աւարտականի մը:
5 շաբաթ առաջ, Ռոլան Կարոսի աւարտականին 5 ժամ 29 վայրկեան տեւած պայքարը կորսնցնելէ ետք Ալքարասի դէմ, Սինըր հաստատեց, որ այդ պարտութիւնը մոռցած է եւ 4-6 արդիւնքով կորսնցնելէ ետք առաջին սեթը նոյն արդիւնքով կրցաւ 3 յաջորդական սեթեր յաղթել 3 ժամի ընթացքին եւ առաջին անգամ ըլլալով տօնել Ուիմպըլտընի տիտղոսը:
Կիսաւարտականին 6-3, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք 38 տարեկան Նովաք Ճոքովիչը, Սինըր աւելի ինքնավստահ էր եւ գրեթէ անսխալ ելոյթ ունեցաւ 22 տարեկան Ալքարասի դէմ, որ կիսաւարտականին 6-4, 5-7, 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով դուրս ձգած էր ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցը (թիւ 5):
Թիւ 1 թենիսմենը, որ 4-րդ կրան շլեմի տիտղոսը շահեցաւ, 1 տիտղոս աւելի շահած է, քան Ալքարաս: Անոնք այլեւս ապագայի աստղեր չեն եւ այժմու լաւագոյն թենիսմեններն են` գերազանցելով բոլոր մնացեալները:
Սինըր այս յաղթանակով աւելի եւս հեռացաւ Քարլոս Ալքարասէն, մինչ 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը փոխանակուեցան Ճեք Տրէյփըր եւ Թէյլըր Ֆրից (այժմ 4-րդ): Անտրէ Ռոպլեւ գրաւեց 10-րդ դիրքը (նախապէս` 14-րդ), մինչ Տանիլ Մետվետեւ 9-րդ դիրքէն նահանջեց 14-րդ:
Կարէն Խաչանով այժմ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը (նախապէս` 20):
Աղջկանց դասաւորման մէջ, Շվիանթեք, որ Ուիմպըլտընի սկիզբը կը գրաւէր 8-րդ դիրքը, այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Միրա Անտրէեւա կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, մինչ Ուիմպըլտընի աւարտականի հասած Ամանտա Անիսիմովա այժմ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլինա Աւանէսեան 4 դիրք նահանջած է եւ այժմ 53-րդ դիրքին վրայ է: