Յայտնի լրագրող Էտու Ակիրէ (Էլ Չիրինկուիթօ) խօսած է Ռէալ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող սկզբունքային փոփոխութիւններու, ինչպէս նաեւ նոր գլխաւոր մարզիչ Խապի Ալոնսոյի` յառաջապահներէն պահանջած առաւելութիւններուն մասին:
«Յառաջապահները պէտք է մասնակցին «փրեսինկ»-ին եւ ճիգ թափեն պաշտպանելու ալ, ինչ որ նախապէս Ռէալի մէջ ընդունուած չէր: Օգոստոսէն սկսեալ այլեւս Ալոնսօ պիտի չլռէ: Ան խիստ բնաւորութիւն ունի: Ով որ կ՛աշխատի, կը խաղայ, որ ոչ` կը նստի պահեստի աթոռին վրայ: Ամէն ինչ փոխուած է», կ՛ըսէ Ակիրէ:
Նշենք, որ Ալոնսոյի ժամանումէն ետք, նախապէս հիմնական մարզիկ Ռոտրիկօ գրեթէ դաշտ չէր ներկայանար, մանաւանդ ակումբներու մոնտիալի մրցումներուն, բացի ասկէ, սպանացի մարզիչը քանի մը անգամ մրցումի պահուն փոխարինած է նաեւ Վինիսիուս Ժունիորը:
Ակումբներու մոնտիալի կիսաւարտականին Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրած էր Փարիզ Սեն Ժերմէնէն եւ դուրս մնացած:


