Միացեալ Նահանգներու մէջ կիրակի գիշեր վերջ գտաւ ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ընդլայնուած առաջին ակումբներու մոնտիալը, ուր Լոնտոնի Չելսին պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը 3-0 արդիւնքով:
Քոլ Փալմըր շահեցաւ մոնտիալի ոսկի գնդակը` ընտրուելով մրցաշարքի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան նշանակեց Չելսիի առաջին երկու կոլերը:
Քոլ Փալմըր կը ցատկէր, երբ խմբապետ Ռիս Ճէյմս ստացաւ մրցաշարքի բաժակը, մինչ ամերիկացի նախագահ Տանըլտ Թրամփ անոր ձախին կանգնած էր:
Թրամփ իր կարգին ստացաւ մետալ մը` ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի կողմէ:
23 տարեկանին Փալմըր ստացաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը` Չելսիի յաջորդական երկրորդ աւարտականին: Անգլիացի աստղը անցեալ 28 մայիսին 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռէալ Պեթիսին, («Քոնֆերենս լիկ»-ի աւարտականին), 2 կոլի փոխանցումներ կատարելով (էսիսթ) ընտրուած էր նաեւ լաւագոյն մարզիկ: Ան քառորդ աւարտականին Փալմէյրասի դէմ «կապոյտներ»-ուն առաջին կոլը նշանակած էր, ինչպէս նաեւ 2024-ի եուրոյի աւարտականին` Սպանիոյ դէմ:
Մրցումին աւարտին անախորժ դէպք մը պատահեցաւ, երբ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարոքցի մարզիկ Աշրաֆ Հաքիմի վէճ մը ունեցաւ Չելսիի միջնապահ Անտրէ Սանթոսի հետ:
Տեսայ, որ մարզիկներ զինք պաշարած են, եւ իբրեւ բարի պրազիլցի գացի օգնելու իմ ազգակիցիս: Շատ մարդիկ միջամտեցին եւ այս անգամ ինծի հրեցին: Այս բաները կը պատահին: Չեն գիտեր պարտուիլ: Այժմ տօնելու պահն է», ըսաւ Ժոաօ Փետրօ, որ մրցումի երրորդ կոլը նշանակեց: Փետրօ իր 2-րդ մրցումը կատարեց` իբրեւ հիմնական մարզիկ նշանակելով 3 կոլ:
Չելսիի մարզիչ Էնցօ Մարեսքա մրցումի սկիզբէն կ՛ուզէր Փարիզ Սեն Ժերմենի ձախ կողմէն յարձակիլ` օգտուելով հսկայ պարապ տարածութիւններէն: «Կը կարծեմ, որ մրցումը յաղթեցինք առաջին 10 վայրկեաններուն, եւ նպատակը բոլորին հասկցնել էր, թէ եկած ենք մրցումը յաղթելու: Այս մրցումներն են, ուր կը սպասենք, որ Քոլը փայլի, որովհետեւ մեծ մրցումներու եւ վայրկեաններու ան միշտ պատրաստ է», ըսաւ Մարեսքա:
«Անբացատրելի զգացում մըն է: Շատ լաւ զգացում մըն է, մանաւանդ որ բոլորը կը կասկածէին մեր կարողութիւններուն: Մարզիչը լաւ մրցումի ծրագիր գծած էր եւ ըստ երեւոյթին գիտէր, թէ ուր է տկար կէտը», աւելցուց Փալմըր: