Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքը կը շարունակուի, եւ շատ հետաքրքրական բան մը տեղի ունեցաւ կիրակի օր, երբ 9-րդ հանգրուանին Մաթէօ Վան Տեր Փուլ հովի ուղղութեան դէմ կանուխ յարձակեցաւ եւ հեռացաւ բուն խմբակէն մօտ 5 վայրկեանով:
Ի վերջոյ վերջին քիլոմեթրին Թիմ Մերլիէ սփրինթով յաղթեց` Շաթորուի մէջ աւարտելով այս հանգրուանը:
Պելճիքացի Թիմ Մերլիէ (Սուտալ քուիք-սթեփ) կրցաւ գերազանցել Ճոնաթան Միլանն ու Առնօ տը Լին: Մերլիէ յաջորդեց Մարք Քաւենտիշի, որ նախապէս 2008-ին, 2011-ին եւ 2021-ին շահած էր Շաթորուի մէջ: Տիւնքերքի մէջ շահելէ եւ խմբակից Ռեմքօ Էվենեփուլի յաղթանակէն ետք Քանի մէջ, «Սուտալ քուիք-սթեփ» խումբի 3-րդ յաջող ելոյթն էր այս տարուան: Վերջին անգամ 2021-ին «Սուտիալ քուիք-սթեփ» խումբը երեք հանգրուան շահած էր Քաւենտիշի գլխաւորութեամբ:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ Թատէյ Փոկաչար մնաց դեղին շապիկաւոր 54 երկվայրկեանի առաւելութիւն պահելով պելճիքացի Էվենեփուլի վրայ:
Ստորեւ դասաւորումը` 9 հանգրուաններէ ետք.
1.- Թատէյ Փոկաչար 33 ժամ 17′ 22″
2.- Ռեմքօ Էվենեփուլ 54″ ուշ
3.- Քեւին Վոքըլեն 1′ 11″ ուշ
4.- Եոնաս Վինկըկաարտ 1′ 17″ ուշ
5.- Մաթէօ Եորկընսոն 1′ 34″ ուշ
6.- Մաթէօ Վան Տեր Փուլ 1′ 46″ ուշ
7.- Օսքար Օնլի 2′ 49″ ուշ
8.- Ֆլորիան Լիփովից 3′ 02″ ուշ
9.- Փրիմոշ Ռոկիչ 3′ 06″ ուշ
10.- Մաթիաս Շքելմոսէ 3′ 43″ ուշ