Լեհ թենիսվումըն Իկա Շվիանթեք շաբաթ օր շահեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը` 6-0 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովային, 57 վայրկեաններու ընթացքին:
Շվիանթեք 24 տարեկանին դարձաւ ամէնէն երիտասարդ թենիսվումընը, որ Սերենա Ուիլիամսէն ետք ամէնէն երիտասարդ մարզիկն է, որ 3 տարբեր դաշտերու վրայ կրան շլեմի տիտղոսներ շահած է:
Սերենա Ուիլիամս 20 տարեկանին այդ իրագործումը կատարած էր: Շվիանթեք այժմ պէտք ունի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի տիտղոսի մը` բոլոր 4 մեծ դաշտերուն վրայ տիտղոսներ ունենալու համար:


