Ռիատիի տղոց պասքեթպոլի խումբը շահեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, ուրբաթ գիշեր յաղթելէ ետք Սաժեսի դէմ 5-րդ ճակատումին` 92-77 արդիւնքով:
Ռիատի 19-րդ անգամ ըլլալով (1992-էն ի վեր) դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` յաղթելէ ետք 4-1 ճակատումներու արդիւնքով:
Հայկ Կէօքճեան եղաւ մրցումին աստղը` նշանակելով 14 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, մինչ Մարքուս Հանթ (20 կէտ) եւ Քերոն Տըշիլծ (20 կէտ) ունեցան շատ լաւ ելոյթներ:
Ռիատի, որ 23 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ պահ մը, վերջին վայրկեաններուն իր պահեստի մարզիկներն ալ ներկայացուց` ապահովելէ ետք մրցումին արդիւնքը:
Մարզիչ Ահմետ Ֆարրան իր ասպարէզի 6-րդ ախոյեանութիւնը շահեցաւ` 5 անգամ Ռիատիի հետ եւ 1 անգամ Պէյրութի հետ (2022), մինչ ան 2 տիտղոսով միայն ետ կը մնայ Սաժեսի փառքի օրերու մարզիչ Ղասսան Սարգիսէն (8 տիտղոս) եւ 1 տիտղոսով` Ֆուատ Ապու Շաքրայէն (7 տիտղոս):
Եգիպտացի Իսմայէլ Ահմետ իր երկար ասպարէզի 16-րդ ախոյեանութեան տիտղոսը շահեցաւ, մինչ Ամիր Սէուտ (11 անգամ), Ուաէլ Արաքժի (9 տիտղոս) եւ Հայկ Կէօքճեան (7 տիտղոս) միայն յոյս ունին հասնելու անոր: 48 տարեկան Իսմայէլ Ահմետ ըստ երեւոյթին տակաւին կ՛ուզէ շարունակել ասպարէզը` երկարաձգելով իր պայմանագրութիւնը Ռիատիի հետ:
Քարիմ Զայնունի, Ալի Մանսուրի եւ Հայկ Կէօքճեանի կողքին եգիպտացի աստղն ալ պիտի մնայ Ռիատիի հետ, մինչ Ուաէլ Արաքժի պայմանագրութիւն մը ստորագրեց սէուտական Ուլա խումբին հետ:
Այլ լիբանանցի աստղեր` Սերժիօ Տարուիշ, Քարիմ Իզզէտտին, Ալի Մըզհեր եւ Նայիմ Ռապայ պիտի միանան Ճափոնի պասքեթպոլի ախոյեանութիւն:
Մարք Խուրի միացաւ Անթունիէին, Էլի Ղալեպ` Սանթրալի հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգեց, մինչ Ճիմի Նախլէ միացաւ Պէյրութ Ֆըրսթին:


