Երէկ առաւօտ Չինաստանի մէջ սկսաւ Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքը, ուր Լիբանանի ազգային խումբը 72-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն, իր առաջին մրցումին:
Ճափոն կը նկատուի Ասիոյ լաւագոյն խումբերէն մէկը եւ աշխարհի թիւ 9 դասուած խումբն է, մինչ Լիբանան համեմատաբար տկար կը նկատուի, բայց երիտասարդ տաղանդներով կրցաւ մրցումին սկիզբէն անակնկալի բերել ամերիկացի մարզիչ Փոլ Քաֆթըրի գլխաւորութեամբ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի ամերիկացի մարզիկը` Ճիլիըն Արչըր 10 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տանիելա Ֆայյատ եւ Փերլա Պու Նասր իրենց կարգին մասնակցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիասէն:
Պեպեքքա Աքըլ 27 կէտ նշանակեց, մինչ Ալի Մանսուրի քոյրը` Ամար Մանսուր 19 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Այսօր առաւօտեան ժամը 11:30-ին Լիբանան կը մրցի Աւստրալիոյ դէմ, որ 115-39 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ:
Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8:30-ին Լիբանան պիտի կատարէ Բ. խմբակի գծով իր վերջին մրցումը` Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, այնուհետեւ տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի մրցումները:
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Չինաստան, Ինտոնեզիա, Հարաւային Քորէա եւ Նոր Զելանտա:
Առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին կիսաւարտական, մինչ խմբակներու 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը մասնակցին քառորդ աւարտականի, որոնց յաղթականները կը հասնին կիսաւարտական:
Յոյսով, որ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը լաւ ելոյթ ունենայ եւ կարենայ դրական արդիւնք ձեռք ձգել Աւստրալիոյ դէմ, որ թիւ 2 դասուած է աշխարհի մէջ:
Լիբանան 54-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Ֆիլիփեան կղզիները` 44-րդ:


