Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

July 12, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարեշրջանի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումները սկսան, ուր Հայաստանի ախոյեան Նոա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնթենեկրոյի Պուտուչնոսթը:

Աբովեանի «Վահագն Թումասեան»-ի անուան քաղաքային մարզադաշտին մէջ 3 հազար համակիրներու ներկայութեան Նոայի միակ կոլը նշանակեց մարոքցի միջնապահ Իմրան Օմար:

Նոայի այս յաղթանակը իր պատմութեան առաջինն էր` «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով: Հակառակ մեծ թիւով առիթներուն, Նոա 1-է աւելի կոլեր չկրցաւ նշանակել, որ յուսանք բաւարար կ՛ըլլայ դարձի մրցումին համար, որ տեղի կ՛ունենայ 15 յուլիսին:

Նոայի մարզիչ Սանտրօ Պերքովիչ ըսաւ. «Դժուար էր, քանի մրցակիցը միայն կը պաշտպանուէր: Դժուար էր խաղալ, երբ մրցակիցը 30-40 մեթրի վրայ շարած է իր մարզիկները եւ ամբողջ խումբը կը հետեւի գնդակին: Պարզ է, որ անոնց նպատակը 0-0 արդիւնք արձանագրել էր: Մենք կայուն էինք, բայց կը ցանկայի, որ առաւելութիւնը աւելի մեծ ըլլար, բայց նոյնիսկ 2-0-ն բաւարար պիտի չըլլար Մոնթենեկրօ մեկնելու մրցումին, եւ նոյնքան կարեւոր պիտի ըլլար: Ես յստակ պատկերացում ունիմ, թէ ի՛նչ կը սպասէ մեզի հոն: Խաղը բոլորովին տարբեր կրնայ ըլլալ, եւ մենք պատրաստ ենք իրենց»:

«Քոնֆերենս լիկ»-ի մրցաշարքի զտումի մրցումներու զտումի մրցումներու գծով Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սան Մարինոյի Թրէ Ֆիորի ակումբէն:

Զարմանալի մրցումէ մը ետք, Փիւնիկ հակառակ ամբողջովին տիրապետելուն պարտութիւն կրեց մրցակիցի դաշտին վրայ, որ ամբողջ մրցումին 4 անգամ կրցած էր հասնիլ Փիւնիկի բերդին:

Փիւնիկ 20-է աւելի առիթներ կորսնցուց, բայց Եուսուֆ Օթուպանշօ եւ Սերկէյ Վաքուլենկօ զոյգը առիթներ կորսնցուցին: Պէտք է ըսել, որ մրցակից բերդապահն ալ հերոսացաւ` իր բերդը փրկելով քանի մը անգամ:

Ուրարտու իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պիելոռուսիոյ Նեմանէն:

49-րդ եւ 53-րդ վայրկեաններուն կոլեր ստանալէ ետք, Ուրարտու, որ ոչ մէկ առիթ տուած էր մրցակիցին առաջին կիսախաղին, ինքզինք գտաւ, բայց միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել շնորհիւ Նիքոլաս Քալուքեանի: 94-րդ վայրկեանին Ուրարտուի բերդապահ Գոռ Մատինեան դաշտէն վտարուեցաւ մեծ քառակուսիէն դուրս մրցակից մը խոշտանգելու պատճառով: Մատինեան 48-րդ վայրկեանին փենալթի մը զսպած էր:

Նախորդը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Հիլ Շահեցաւ 6-րդ Հանգրուանը. Վան Տեր Փուլ` Դեղին Շապիկաւոր

Յաջորդը

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.