Ֆրանսայի 7 անգամ ախոյեան Լիոն իր դիրքը պահեց «Լիկ 1»-ի խումբերու կարգին` յաջողելէ ետք վերատեսութեան ենթարկել անցեալ ամիս արձակուած վճիռը, որ զինք փոխադրած էր աւելի ստորին դասակարգ:
Անցեալ ամիս Լիոն Բ. դասակարգ փոխադրուած էր Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նիւթական մէկ քննիչ յանձնախումբին կողմէ, որ նախապէս անցեալ նոյեմբերին տնտեսական սահմանափակումներ դրած էր ակումբին դէմ:
Ամերիկացի վաճառական Միշել Քանկ ձեռք առաւ խումբին ղեկը իբրեւ նախագահ` իր ազգակից Ճոն Թեքսթըրէն:
Ֆրանսայի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիոն պէտք է լուրջ կրճատումներ կատարէ յառաջիկայ եղանակին համար:
Երկու շաբաթ առաջ թեքսթըր յայտնած էր, թէ պիտի հրաժարի ամէն օր ներկայ ըլլալէ ակումբ:
Ակումբին երկրորդ մեծագոյն բաժանորդ (թեքսթըրի ետին) Քանկ արդէն իսկ Լիոնի աղջկանց ընդհանուր տնօրէնն էր:
Լիոն, որ 6-րդ դիրքը գրաւած էր անցեալ եղանակի «Լիկ 1»-ին, պիտի մասնակցի «Եուրոփա լիկ»-ին, բայց անշուշտ տուգանք վճարելէ ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին:
Թեքսթըր Լիոնի մեծագոյն բաժինը ունեցաւ դեկտեմբեր 2022-ին` փոխարինելով Ժան-Միշել Օլան: Օլայի օրով Լիոն 7 յաջորդական «Լիկ 1»-ի ախոյեանութիւններ շահեցաւ 2002-ի եւ 2008-ի միջեւ:
59 տարեկան Թեքսթըր, որ բաժին ալ ունի պրազիլեան Պոթաֆոկոյի եւ պելճիքական Մլենպիքի մէջ, ամիս մը առաջ Քրիսթըլ Փելեսի իր 43 տոկոս բաժինը «ծախեց»` Լիոնի նիւթական վիճակը հաւասարակշռելու համար:
Լիոն իր ամսական վճարումներուն վերաբերեալ ալ կրճատումներ կատարեց յառաջապահ Ալեքսանտր Լաքազեթի եւ բերդապահ Անթոնի Լոփեսի գծով: Լիոն արդէն իսկ կրցած էր «ծախել» Ռայան Շերքին` Մանչեսթըր Սիթիի եւ Մաքսանս Քաքըրէն` Քոմոյի:
Թեքսթըր յայտնեց նաեւ, թէ երբ Իկըլ խումբը 83 միլիոն եւրօ աւելցուց ակումբին պիւտճէն բարելաւելու:
Միայն 5 ակումբներ կրցած են Լիոնէն աւելի շահիլ ախոյեանութիւնը: Փարիզ Սեն Ժերմեն 13 տիտղոսներով կը մնայ Ֆրանսայի լաւագոյն խումբը: