ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի Պարժան եւ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ Լեռնալիբանանի ախոյեան:
Արդիւնքը 3-0 էր, բայց այդքան ալ դիւրին մրցում չէր: 4-րդ վայրկեանին Ֆատել Ռիտա անակնկալ հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի առաջին կոլը: Այս կոլէն ետք, մրցակից խումբը քիչ մը աւելի լաւ էր եւ դաշտին կեդրոնէն շատ հանգիստ յարձակումներ կը կազմակերպէր, բայց ՀՄԸՄ-ի պաշտպանները եւ բերդապահը կը զսպէին առիթները:
Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը քիչ մը աւելի լաւ էին եւ առիթներ ալ ստեղծեցին: Առիթները երկուստեք էին, եւ մինչեւ 88-րդ վայրկեան արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Բազմիցս օֆ-սայտի մէջ մնալէ ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վերջապէս կոլ մը նշանակեց շնորհիւ Իպրահիմ Մուսաուիի, որ ոչ միայն կոլ մը նշանակեց, այլեւ աւելցուց 2-րդ կոլը 92-րդ վայրկեանին` Էլի Փիլաւճիի փոխանցումէն օգտուելով:


