Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Քրիսթիան Հորնըր Պաշտօնանկ Եղաւ

July 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20 տարի մնալէ ետք իր պաշտօնին վրայ, «Ռետ Պուլ» խումբի տնօրէն Քրիսթիան Հորնըր ձախող տարեշրջանէ մը ետք պաշտօնանկ եղաւ:

2005-ին, երբ «Ռետ Պուլզ» եղաւ «Ճակուար» խումբին հիմնական անունը, Հորնըր ստանձնած էր իր պաշտօնը, «Ռետ Պուլ»-ը առաջնորդելով 8 անհատական վարորդներու ախոյեանութիւններու, ինչպէս նաեւ 6 անգամ խմբային (ինքնաշարժներու) ախոյեանութիւններու, 20 տարիներու ընթացքին:

Հակառակ իր յաջողութիւններուն, Հորնըրի խումբը 2025-ին շատ ձախող արդիւնք կ՛արձանագրէ եւ այժմ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ խմբային դասաւորման մէջ, մեծ մասամբ շնորհիւ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի վարպետութեան, մինչ Լիամ Լոսըն, ապա Եուքի Ցունոտա ձախողեցան լաւ խմբակից ըլլալ Վերշթափընին` «Ռետ Պուլ»-ի երկրորդ ինքնաշարժով:

Հորնըրին փոխարինեց «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի տնօրէն Լորան Մեքիս: Անցեալ տարի կասկածներ շրջան կրած էին, թէ Հորնըր պիտի լքէ «Ռետ Պուլ»-ը, երբ անվայել կեցուածք ունեցած էր պաշտօնեայի մը հետ, բայց ներքին դատական հարցաքննութիւններէ ետք ամէն ինչ լուծուած էր: Այդ օրերուն Վերշթափընի հայրը` Եոս, իր կարգին դէմ էր Հորնըրի մնալուն, բայց Հորնըր այդ օրերուն «զօրաւոր թիկունք» ունէր խումբի բարձրաստիճան պատասխանատուի (բաժանորդ) մէջ: Տարի մը ետք, ըստ երեւոյթին այլեւս զօրաւոր չէ այդ «թիկունք»-ը:

«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Հորնըրին, որ 20 տարիներու ընթացքին աներեւակայելի յաջողութիւն ձեռք ձգեց», յայտնեց խումբի ընդհանուր տնօրէն Օլիվըր Մինցլաֆ:

Լորան Մեքիս, որ «Ռետ Պուլ»-ի երկրորդ խումբի` «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի տնօրէնն էր, պիտի փոխարինէ Հորնըրը, մինչ Մեքիսի դիրքը պիտի ստանձնէ Ալան Փերման:

 

 

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ 14-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կիսաւարտական

Յաջորդը

Լիոն Յաջողեցաւ Վերատեսութեան Ենթարկել Իր Դէմ Արձակուած Վճիռը Եւ Մնաց Ա. Դասակարգ

RelatedPosts

Ուասլ 2026.  Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ 2026. Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական

September 30, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Ոսկի, Իսկ Արթուր Աւետիսեան` Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան Ոսկի, Իսկ Արթուր Աւետիսեան` Արծաթ Մետալակիր

September 30, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.