«Մեթլայֆ» մարզադաշտին վրայ չորեքշաբթի գիշեր իրար դէմ մրցեցան 39 օրեր առաջ «Չեմփիընզ լիկ» շահած Փարիզ Սեն Ժերմենն ու «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական ակումբ Ռէալ Մատրիտը (15 անգամ ախոյեան):
Այժմու մակարդակով Փարիզ Սեն Ժերմեն շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ արագ ու գեղեցիկ ֆութպոլ կը խաղայ, մինչ Ռէալ Մատրիտ 2 տարիէ ի վեր փոփոխութեան ընթացքի մէջ կը գտնուի, եւ Թոնի Քրուսէն ետք (անցեալ տարի) Լուքա Մոտրիչը կատարեց իր վերջին ելոյթը Ռէալի շապիկով:
Ֆապիան Ռուիս (2), Ուսման Տեմպելէ եւ Կոնսալօ Ռամոս նշանակեցին երիտասարդ Փարիզի կոլերը, վերջինս աւարտականին` կիրակի գիշեր ժամը 22:00-ին պիտի մրցի Չելսիի դէմ:
Ռէալ Մատրիտ, որուն նոր մարզիչ Չապի Ալոնսօ դժուար գործ ունի կատարելիք բարեփոխումներ կատարելով խումբին մէջ, ուր 11 անհատներ կը գտնուին դաշտին վրայ, ուր Ռէալ Մատրիտ միշտ ալ կը յաջողէր խմբային խաղարկութեամբ: Ֆրան Կարսիա (ձախ յետսապահ), Ասենսիօ, Ռոտիկըր եւ նոյնիսկ Վալվերտէ (աջ յետսապահ) շատ ձախող ելոյթ ունեցան եւ նոյնիսկ «օգնեցին» (իրենց սխալներով), որ Փարիզ Սեն Ժերմեն կոլեր նշանակէ:
Տեմպելէ եւ Ռուիս շատ գեղեցիկ եւ բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան, մինչ Տեզիտէ Տուէ եւ վրացի Քվիչա Քվարձխելիա իրենց արագութեամբ յաճախ նեղի կը մատնէին Ռէալի մարզիկները: