Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, Պելկրանօ Հուրաքանի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Լուքաս Զելարայեան մրցումի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ: Ան նաեւ անմոռանալի հարուածով 56-րդ վայրկեանին նշանակեց Պելկրանոյի 2-րդ կոլը:
Ասիկա 11 մրցումներ կատարած Զելարայեանի առաջին կոլն էր Արժանթին վերադառնալէ ի վեր, մէկուկէս տարի Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ խումբին հետ 41 մրցումներ կատարելէ ետք, ուր նշանակած էր 9 կոլ:
Լուքաս իր ամէնէն փայլուն օրերը ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր Քոլոմպուս Քրուի հետ 3 տարեշրջան ամբողջացուցած էր` 97 մրցումներու ընթացքին նշանակելով 38 կոլ:


