Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը երէկ կէսօրին սպասելի պարտութիւն մը կրեց Աւստրալիայէն Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի իր երկրորդ խաղին` 113-34 արդիւնքով:
Լիբանանի մարզիչ Փոլ Քաֆթըր գիտնալով մրցակից Աւստրալիոյ ուժը (ՖԻՊԱ-ի 2-րդ լաւագոյն խումբը Ամերիկայի ետին), նախընտրեց մրցումը կատարել իր պահեստի մարզիկներով, եւ անոնք քանի մը վայրկեան միայն մասնակցեցան` նկատի ունենալով, որ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ 3-րդ եւ վերջին մրցումին` ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ:
Ֆիլիփեան կղզիներու դէմ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը առաւօտեան ժամը 8:30-ին` նկատի ունենալով, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ:
Լիբանանի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Նուր Լապպան (11 կէտ), մինչ Թինա Ռաֆֆուլ 9 կէտ նշանակեց, իսկ Մէյկըն Նաասան 4 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Լիբանանի նպատակն է մնալ առաջին կարգի խումբերուն կողքին եւ այդ պատճառով է, որ պէտք է անպայման յաղթել վաղը:
Նշենք, որ 8 խումբերը բաժնուած են 2 խմբակներու: Չինաստան Հարաւային Քորէա, Նոր Զելանտա եւ Ինտոնեզիա մաս կը կազմեն առաջին խմբակին, իսկ Աւստրալիա, Լիբանան, Ֆիլիփեան կղզիներ եւ Ճափոն` Բ. խմբակին:
Առաջին դիրքը գրաւող խումբերը պիտի հասնին կիսաւարտական, մինչ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին քառորդ աւարտական:
Խմբակներու 4-րդ դիրքը գրաւող խումբերը պիտի մրցին 7-րդ դիրքին համար, ուր 8-րդ դիրքը գրաւող խումբը կ՛իջնէ Բ. կարգի խումբերու կողքին: Քառորդ աւարտականի պարտուող խումբերը կը մրցին 5-րդ դիրքին համար: