Բազմաթիւ մարզիկներ կը սպասէին Ֆրանսայի հեծելարշաւի 6-րդ հանգրուանին, ուր առաջին լուրջ երկար ճամբու «յարձակողները» առիթ ունէին կանուխէն յարձակելու:
2025-ի «Թուր տը Ֆրանս»-ը փաստեց, թէ ամէնէն փորձառու վարորդներէն կը մնայ Պեն Հիլին, որ կանուխ սկսաւ յարձակիլ եւ շահեցաւ իր ասպարէզին 15-րդ հանգրուանը: Կանուխ յարձակողներու կարգին էին Քուին Սիմընզ եւ Մայքըլ Սթորըր, որոնք գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Մաթէօ Վան Տեր Փուլ վերստին կրեց դեղին շապիկը, որ կորսնցուցած էր ի նպաստ Թատէյ Փոկաչարի, ժամացոյցի դէմ մրցումին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընդհանուր դասաւորումը` 6 հանգրուաններէ ետք.
1.- Մաթէօ Վան Տեր Փուլ 21 ժամ 52′ 34″
2.- Թատէյ Փոկաչար 1″ ուշ
3.- Ռեմքօ Էվենեփուլ 43″ ուշ
4.- Քեւըն Վոքըլեն 1′ 00″ ուշ
5.- Եոնաս Վինկըկաարտ 1′ 14″ ուշ
6.- Մաթէօ Եորկենսոն 1′ 23″ ուշ
7.- Ժոաօ Ալմէյրա 1′ 59″ ուշ
8.- Պեն Հիլի 2′ 01″ ուշ
9.- Ֆլորիան Լիփովից 2′ 32″ ուշ
10.- Փրիմոզ Ռոկլիչ 2′ 36″ ուշ