Ուիմպըլտընի թենիսի աղջկանց մրցաշարքը հասած է իր աւարտականին, ուր լեհ Իկա Շվիանթեք եւ ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովա հասան աւարտական:
Հետաքրքրականը այն է, որ ամէնէն բարձր դասուած մարզիկը թիւ 8 դասուած Շվիանթեքն է, իսկ Անիսիմովա թիւ 12 դասուած է:
2 տարի առաջ, Ամանտա Անիսիմովա (23 տարեկան) դադար առաւ թենիսէն` ուժաթափ ըլլալուն պատճառով: Մօտ տարի մը առաջ, երբ ան վերադարձած էր զտումներուն, դուրս մնացած էր Ուիմպըլտընէն, որովհետեւ իր դասաւորումը (189-րդ) իրեն իրաւունք չէր տար առանց զտումի մասնակեցելու: Հինգշաբթի երեկոյ ան պարտութեան մատնեց թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքան 6-4, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով եւ այժմ պիտի մրցի նախկին թիւ 1 Իկա Շվիանթեքի դէմ, որ 5 կրան շլեմի տիտղոսներ շահած է, բայց իր առաջին Ուիմպըլտընի աւարտականին կը հասնի:
Շվիանթեք 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով դուրս ձգեց զուիցերիացի Պելինտա Պենչիչը, շնորհիւ իր շատ արագ սերվիսին (190 քմ ժամական) եւ շատ քիչ սխալներուն:
Շվիանթեք իր հասած 5 աւարտականներուն (կրանշլեմի) ալ կրցած է յաղթել, որոնց 4-ը` Ռոլան Կարոսի մէջ, իսկ 1-ը` «Եու. Էս. Օփըն»-ին: Սակայն վերջին տիտղոսին տիրանալուն անցած է աւելի քան տարի մը, եւ այդ պատճառով ալ 24 տարեկան լեհ թենիսվումընը ետ մնաց դասաւորման մէջ ի նպաստ Սապալենքայի:
Այսօրուան յաղթականը պիտի ըլլայ 8-րդ յաջորդական անգամը, ուր անձը առաջին անգամ ըլլալով կը շահի Ուիմպըլտընը: