Մարզական

Ռիօ-2016.  Աւստրալիոյ Աղջիկներուն Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը, Պրազիլի Երրորդ Պարտութիւնը. Չինաստան 7-ի Բարձրացուց Իր Ոսկի Մետալներուն Քանակը

Ռիօ-2016. Աւստրալիոյ Աղջիկներուն Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը, Պրազիլի Երրորդ Պարտութիւնը. Չինաստան 7-ի Բարձրացուց Իր Ոսկի Մետալներուն Քանակը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, երէկ պասքեթպոլի մրցաշարքին Բ. խմբակին մաս կազմող հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` կէտի մը տարբերութեամբ պարտութեան մատնելով Սպանիան` 66-65 արդիւնքով: Նշենք, որ Սպանիա կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Աւստրալիա, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 89-71 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆրանսան:...

Դաւիթ Մանոյեան Եւս Տեղափոխուեցաւ Կիպրոս

ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Փիւնիկի խմբապետ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Դաւիթ Մանոյեան եւս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Կիպրոսի մէջ, ուր ելոյթ պիտի ունենայ Քարմիոթիսա խումբին հետ, ուր արդէն իսկ հանդէս կու գայ նաեւ Փիւնիկի նախկին յետսապահ Տարօն Ոսկանեան: Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը կը սկսի 20 օգոստոսին: Քարմիոթիսայի առաջին հանգրուանի մրցակիցն է Արիս:

Փոկպա Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի` Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատելով

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա երէկ պաշտօնապէս դարձաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆութպոլիստ` լքելէ ետք իր ակումբը` ախոյեան Եուվենթուսը: 23 տարեկան Փոկպա, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, շատ հաւանական է, որ յաւելեալ տարի մը եւս ստորագրէ Մանչեսթըրի տոմարներուն վրայ: Անոր փոխանցման համար Մանչեսթըր Եունայթըտ 105 միլիոն եւրօ վճարելով հաստատեց աշխարհի նոր մրցանիշ մը` մարզիկներու փոխանցման իմաստով: Նախկին մրցանիշը կը...

Տը Պէօր Նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի Նոր Մարզիչ

Այաքս Ամսթերտամի նախկին մարզիչ, հոլանտացի ֆութպոլի անցեալի մարզիկ Ֆրանք տը Պէօր երէկ պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի նոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով Ռոպերթօ Մանչինին, որ քանի մը օր առաջ ներկայացուց իր հրաժարականը: Նշենք, որ Տը Պէօր 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ինթեր Միլանի հետ: Ան իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ 21 օգոստոսին, երբ «Քալչիօ»-ի նոր տարեշրջանին Ինթեր Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից...

Ռիօ-2016. Դաշտերուն Թրիպիւնները Ամբողջութեամբ Չեն Լեցուիր

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կ՛անդրադառնայ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին ոչ այդքան լեցուն դաշտերուն թրիպիւններուն: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ միայն բացման հանդիսութեան ընթացքին հարիւր տոկոսով լեցուն էին թրիպիւնները, մինչ այլ առիթներով անոնց միայն 82 տոկոսը լեցուած կ՛ըլլայ: Այս պատկերը կը թուի քիչ մը մտահոգիչ ըլլալ, կը յայտնէ վերոնշեալ աղբիւրին թղթակիցը` նշելով, որ չորս տարի առաջ Լոնտոնի...

Վերմայելեն Պարսելոնայէն Փոխանցուեցաւ Ա. Էս. Ռոմային

Պարսելոնայի յետսապահ Թոմաս Վերմայելեն մէկ տարեշրջանի համար փոխ տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի, հաղորդեց Սպանիոյ ախոյեանին պաշտօնական կայքը: Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 30 տարեկան յետսապահը 2014-ին Արսենալէն միացած էր Պարսելոնայի:

Սթոնզ Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի

Մանչեսթըր Սիթիի կայքը հաղորդեց, որ անգլիացի կեդրոնի յետսապահ Ճոն Սթոնզ միացաւ խումբին` լքելէ ետք իր ակումբը` Էվըրթընը: Ըստ անգլիական մամուլին, Սիթիին անոր փոխանցումը արժեց 47,5 միլիոն փաունտ: 22 տարեկան Սթոնզ համաձայն գտնուեցաւ 6 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրել իր նոր կազմին հետ:  

Ռիօ Տը Ժանէյրոյի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Պատուեց Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռիօ տը Ժանէրոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Իթանի յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին պատուեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան բոլոր անդամները: Ան իր խօսքին մէջ դրուատեց մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն պայքարի ոգին` անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ մետալներու նուաճում, ինչ տեսակի որ ալ ըլլան անոնք: Իր կարգին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, դարձեալ...

Ռիօ-2016. Վլատիմիր Մարգարեանի Յաղթական Սկիզբը

69 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վլատիմիր Մարգարեան յաղթանակով սկսաւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ողիմպիականի կռփամարտի մրցաշարքը: Հայրենի կռփամարտիկը երեք ռաունտի ընթացքին յաղթեց Ֆիժին ներկայացնող Հիլ Ուինսթընին` 3-0 արդիւնքով, յայտնեց ArmSport.am: 1-8-րդ հանգրուանին Մարգարեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լոնտոն-2012-ին 64 քկ դասակարգին մէջ ողիմպիականի ոսկի մետալին տիրացած քուպացի Ռոնիել Իկլեզիասը: Նշենք, որ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 11...

Ռիօ-2016.  Չորս Երկիրներ Տիրացան Իրենց Երրորդ Ոսկի Մետալին. Ֆելփսի 19-րդ Ողիմպիական Ոսկին

Ռիօ-2016. Չորս Երկիրներ Տիրացան Իրենց Երրորդ Ոսկի Մետալին. Ֆելփսի 19-րդ Ողիմպիական Ոսկին

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն հետզհետէ սկսաւ աւելնալ մասնակցող երկիրներուն տիրացած ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն գումարը: Արդարեւ, չորս երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Չինաստան եւ Աւստրալիա, մինչեւ երէկ գիշեր, տիրացած էին 3-ական ոսկի մետալի` շարք մը արծաթ եւ պրոնզ մետալներու կողքին: Մայքըլ Ֆելփս Յիշատակելի եղաւ Միացեալ Նահանգներու կազմին մէջ եղող Մայքըլ Ֆելփսի տիրացած ոսկի մետալը` ազատ լողի...

Ռիօ-2016. Պրազիլի Մէջ Հնչեց Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ը

31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն երկրորդ օրը մրցումներ կատարեցին եւ իրենց ելոյթներուն սկսան կին մարմնամարզիկները, ոմանք` բազմամարտի մրցումներով: Ռուսիան ներկայացնող եւ անոր դրօշին տակ հանդէս եկող Սեդա Թութխալեան ազատ փորձերու ընթացքին իր ելոյթը կատարեց Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:  

Արարատ-73-ի Ֆութպոլիստին Արձանը` Բանանցի Մէջ

Արարատ-73-ի Ֆութպոլիստին Արձանը` Բանանցի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Բանանցի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ-73-ի նախկին ֆութպոլի աստղ եւ խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեանի արձանին բացման հանդիսութիւնը: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, Զանազանեանի ընտանիքին անդամները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Իր խօսքին մէջ, Յովհաննէս Զանազանեանին զաւակը շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարապետին, Բանանցի պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին արձանին կառուցման:  

Ռուսիոյ Հաւաքականը Պիտի Չմասնակցի Փարալիմփիք Խաղերուն

Միջազգային փարալիմփիք կոմիտէն (IPC) որոշում տուաւ միջազգային մրցումներէն հեռացնելու Ռուսիոյ Փարալիմփիք կոմիտէն: Այս գծով հաղորդեց Միջազգային փարալիմփիք կոմիտէի նախագահ Ֆիլիփ Քրէյվեն: Նման որոշում տալու պատճառ հանդիսացած է Ռիչըրտ Մաքլարենի զեկուցումը` ռուսական մարզաշխարհին մէջ գործածուող խթանիչ դեղերուն մասին: Այսպիսով, ռուս մարզիկները իրաւունք պիտի չունենան մասնակցելու Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ կատարուելիք փարալիմփիք խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 7-18 սեպտեմբերին:    

Պերլուսքոնի Ա. Սէ. Միլանը Ծախեց Չին Ներդրողներուն

Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնի իր ակումբը ծախեց չին ներդրողներուն, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Նաեւ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ բաժնետոմսերուն 99,93 տոկոսը այժմ չինացիներուն սեփականութիւնն է: Ա. Սէ. Միլանի արժէքը կը գնահատուի 740 միլիոն եւրոյով, ներառեալ անոր ունեցած պարտքը, որ կը կազմէ 220 միլիոն եւրօ: Ըստ կնքուած պայմանագիրին, չինացիները երեք տարեշրջանի ընթացքին շուրջ 350 միլիոն եւրոյի ներդրում...

Պայէրն Միւնիխ Պաշտօնապէս Ներկայացուց Հիւմելսին Եւ Սանչեսին

Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Պայէրն Միւնիխ նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուց իր երկու նորեկ մարզիկները` յետսապահ Մաթց Հիւմելսը եւ միջնապահ Ռենաթօ Սանչեսը: Նշենք, որ Պայէրն Հիւմելսի փոխանցման համար անոր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին վճարեց 38 միլիոն եւրօ, մինչ Պենֆիքայէն Սանչեսի փոխանցումը Գերմանիոյ ախոյեանին արժեց 35 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ Հիւմելս իր պաշտօնական առաջին մրցումը պիտի կատարէ նոյնինքն իր նախկին ակումբին դէմ, Գերմանիոյ...

Մանչինի Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

«Սքայ Սփորթ Իտալիա» կայքը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ Ինթեր Միլանի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի ներկայացուց իր հրաժարականը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: «Քալչիօ»-ի 2016-2017 տարեշրջանին նախօրեակին, Ինթեր իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն ընթացքին կրեց յաջորդական չորս պարտութիւն: Բացի ատկէ, 51 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը ակումբին պատասխանատուներուն հետ քիչ մը հարցեր ունի` մարզիկներու փոխանցման վերաբերեալ: Կը կարծուի, որ...

Ռոնալտօ Նախատեսուածէն 3 Օր Առաջ Սկսաւ Իր Փորձերուն

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ Փորթուգալ - Ֆրանսա Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, նախորդ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ իր փորձերուն: «Մարքա» կը հաղորդէ, որ փորթուգալցին նախատեսուածէն երեք օր առաջ վերադարձաւ իր փորձերուն: Նշենք, որ ըստ սպանական մամուլին, Ռոնալտօ Ռէալ Սոսիետատի դէմ կատարուելիք «Լա լիկա»-ի բացման մրցումին պիտի չկարենայ մասնակցիլ:  

Ռիօ-2016-ի Ողիմպիական Խաղեր.  Լիբանան Մեծ Նուաճում Մը Արձանագրեց Իսրայէլի Դէմ` Նախքան Պաշտօնական Բացումը

Ռիօ-2016-ի Ողիմպիական Խաղեր. Լիբանան Մեծ Նուաճում Մը Արձանագրեց Իսրայէլի Դէմ` Նախքան Պաշտօնական Բացումը

Նախորդ շաբաթավերջին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցաւ 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` տողանցքէ, հրավառութիւններէ եւ գեղարուեստական ճոխ ու կոկիկ յայտագիրէ մը ետք: Այս խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ մեծ նուաճում մը արձանագրել եւ նախքան պաշտօնական բացումը կատարուիլը յաղթել Իսրայէլին, որուն պատուիրակութիւնը կը փորձէր բարձրանալ այն փոխադրակառքը, ուր արդէն իսկ տեղ գրաւած եւ նստած էին լիբանանցիք: Վերջիններս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ճակատեցաւ Պըրժ Այնթուրայի դէմ, բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով արձանագրեց 53-37 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ 2015-2016 տարեշրջանը աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ: Պէտք է նշել, որ այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց բոլոր ներկայացումները ընդհանրապէս եղան տպաւորիչ: Անոնք ունեցան լաւ...

Հայկական Ֆութպոլ. Նոր Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Բացման Մրցումը Աւարտեցաւ Շիրակի Յաղթանակով

Շաբաթ, 6 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի Շիրակ - Փիւնիկ բացման մրցումը: Նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիրներուն միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ գիւմրեցիներուն յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Հիւրընկալ կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Վիուլեն Այվազեան (21-րդ եւ 45-րդ), իսկ Արամ Մուրատեան նշանակեց երրորդ կոլը (94-րդ): Փիւնիկի միակ կոլը նշանակեց Դաւիթ Մանոյեան (61-րդ փենալթիով): Իր կարգին, յաղթանակ...

Page 1077 of 1276 1 … 1,076 1,077 1,078 … 1,276

Արխիւներ